Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան Իր Հարցադրումներով Դիմած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեանին

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան անցնող օրերուն պաշտօնական նամակով մը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյաեանին, վերջինիս ուղելով հայաշխարհը վերջերս յուզող կարեւոր հարցումներ:

Հետեւեալը, նամակին բովանդակութիւնն է.

«Յարգելի պարոն Նախարար,

Ստորագրեալս, Լիբանանի հայկական ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, միաժամանակ ՀՀ քաղաքացի, Սեւակ Յակոբեան հայաստանեան մամուլէն իմացայ, որ Դուք վերջերս՝ 21.11.2022-ին հեռաձայնային զրույց մը ունեցած էք Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող՝ Պրն. Ապտալլահ Պու Հապիպին հետ, ի միջի այլոց շնորհաւորելով Ձեր գործընկերը Լիբանանի Անկախութեան տօնին կապակցութեամբ:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, սոյն գիրով կը դիմեմ Ձեզի հետեւեալ երկու հարցումներով.

  1. Արդեօ՞ք լիբանանցի Ձեր գործընկերոջ հետ միասին առիթը ունեցաք քննարկելու լիբանանեան եւ նաեւ հայաստանեան քաղաքացիութիւններ կրող՝ Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած Վիգէն Իւլճէքեանի պարագան: Այս կապակցութեամբ եւ ի պաշտօնէ դուք, ինչպէ՞ս կը հետապնդէք այս հարցը, որ բնականաբար չի տարբերիր տակաւին եւս գերի հանդիսացող միւս հայորդիներուն պարագայէն:
  2. Մեր թերթը հայաշխարհի մէջ առաջինն էր, որ անդրադարձաւ վերջերս Լիբանանի մէջ տեղադրուած Ազրպէյճանի «նահատակներուն» նուիրուած յուշաքարի կանգնեցման երեւոյթին: Արդեօ՞ք այս նիւթին շուրջ արդարացի հարցադրումներ ըրիք լիբանանցի նախարարին:

Ձեր գործերուն յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով եւ կանխայայտ շնորհակալութեամբ»:

Ըստ ՀՀ օրէնքով ճշդուած կարգին, մեր կողմէ կ՛ակնկալուի Պրն. Նախարարին պատասխանը, որ օրին պիտի հրապարակենք առ ի տեղեկութիւն հանրութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին