Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Եղիշէ Թադեւոսեան

Եղիշէ Թադեւոսեան (24 Սեպտեմբեր 1870, Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն – 22 Յունուար 1936, Թիֆլիս, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), դարասկիզբի հայկական գեղանկարչութեան ամենալուսաւոր դէմքերէն մէկը։ Թադեւոսեան Ուսումի եւ գեղարուեստական հետազօտութիւններու համար յաճախ ճամբորդած է ու այցելած շատ երկիրներ։ Նկարիչ, մշակութային գործիչ։ Ան ծնած է, ապրած եւ գործած Անդրկովկաս։

1879–94 թուականներուն ուսանած է Թիֆլիսի Տէր-Յակոբեան Գիշերօթիկ վարժարանէն, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանէն ներս։ 1894–95 թուականներուն դասաւանդած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ապա վերադարձածէ Մոսկուա։ 1896-ին Թադեւոսեան մասնակցած է «Պերեդվիժնիկներ»ու 24-րդ ցուցահանդէսին, 1898-ին Մոսկուայի արուեստագէտներու ընկերութեան մրցոյթին անոր «Կէսօրեայ ճաշ» (1896 թ.) եւ «Քարոզ ուղղադաւաններին» (1896 թ.) կտաւներն մրցանակներու արժանացած են։ 1898-ին իր ուսուցչի՝ ռուս նկարիչ Վասիլի Պոլենովի հետ մեկնած է Պաղեստին, գրեթէ ամէն տարի ճամփորդած է Մերձաւոր Արեւելքի ու  Եւրոպայի տարբեր երկրներ (մինչեւ 1914 թ.),  Ռուսաստանի  եւ Հայաստանի մէջ, ստեղծած է շարք մը գործեր։

Իր մասին, գեղարուեստի մասնագէտ մեկնաբան Շահէն Խաչատրեան կը գրէ «Ե․ Թադեւոսեանի ստեղծագործութիւնը տպաւորապաշտ մեթոտի կիրառման առաջընթաց քայլ է ազգային գեղանկարչութեան մէջ։ Իր գործերը դիտողին գրաւում են արեւի ջերմութեան,օդային միջավայրի եւ բնութեան տրամադրութիւններու նուրբ զգացումով, լուսաստուերներու թրթռուն խաղերով եւ կատարման տպաւորիչ վարպետութեամբ, անոնք յագեցած են խոր քնարականութեամբ»։

Եղիշէ Թադէոսեանի կեանքին մէջ 1901 թուականին տեղի ունեցած է կարեւոր փոփոխութիւն. ան Մոսկուայի մէջ ծանօթացած եւ ամուսնացած է զուիցերիացի կնոջ մը՝ Ժիւստին Նէֆի հետ: Այդ կինը, ըստ ժամանակակիցներուն, հրեշտակի դեր կատարած է արուեստագէտին կեանքին մէջ, դարձած է անոր անբաժան ու անփոխարինելի ընկերը՝ ողջ կեանքին ընթացքին, ամէն ինչով նպաստած տաղանդաւոր ամուսինին յառաջընթացին: Ամուսնութենէն ետք Ժիւստին այլեւս հայրենիք չէ վերադարձած, ամուսինին հետ մեկնած է Թիֆլիս եւ հոն ապրած՝ մինչեւ կեանքին վերջը:

Արուեստագէտը մահացած է 1936 թուականին, Թիֆլիս. յուղարկաւորուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան մեծերուն շիրմատունը:

Թադեւոսեանի մահէն ետք կինը ամուսինին ողջ ժառանգութիւնը նուիրաբերած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, ատոնց մէջ նաեւ իրեն՝ Ժիւստինին դիմանկարները, զորս նկարած է Թադեւոսեան: Եղիշէ Թադեւոսեանի «Ընթերցող կինը» կտաւին մէջ պատկերուած է իր կինը, որ նկարիչը նկարած է Բիւրականի մէջ՝ 1903 թուականին: Եղիշէ Թադեւոսեանի դասական արուեստի նմոյշներ նկատուող գործերուն կողքին փառաւոր տեղ ունի այս նկարը՝ նկարիչին լաւագոյն կտաւներէն մէկը, որուն մէջ կ՚երեւի կնոջ հանդէպ տածած անոր ողջ սէրն ու ջերմութիւնը:

1901 թուականէն Եղիշէ Թադեւոսեանը բնակեր է Թիֆլիսի մէջ, մասնակցեր տեղի եւ ռուսաստանեան ցուցահանդէսներուն։ 1916 թուականին Թիֆլիսի մէջ աջակցեր է Հայ Արուեստագէտներու միութեան ստեղծմանը, ընտրուեր է նախագահ,  1921 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպեր է միութեան ցուցահանդէսը, մասնակցեր է Թիֆլիսի «Հայարթտուն» մշակութային կենտրոնի աշխատանքներուն։ Վրաստանի Գեղարուեստի ակադեմիայի հիմնադիրներէն եւ առաջին փրոֆեսորներէն էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին