Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Խաղաղութիւնը Արիւն Կը Պահանջէ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 

12 Սեպտեմբերի կէս գիշերին անգամ մը եւս ապրեցանք պատերազմի սարսափը։ Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանի տարածքին վրայ զանազան քաղաքներու դէմ ատրպէճեանցիները մեծ տրամաչափի զէնքերով յարձակում կատարեցին։ Գիտենք թէ այս յարձակումները նախապէս մանրամասնօրէն ծրագրուած կ՚ըլլան եւ կը միտին հակառակորդի համար սարսափ պատճառելու։ Այս ալ բացառուած չէ, քանի որ Հայաստանի հասարակութիւնը նախորդ փորձերով ծանօթ է այս գործողութեան։ Որքան ատեն որ Հայաստան բոլորովին արդար պատճառներով պիտի մերժէ իրեն պարտադրուած իբրեւ թէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել, Ատրպէյճան պիտի շարունակէ այս բնոյթի յարձակումներուն։

Միշտ հա­մոզո­ւած եղանք որ պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ տա­րակար­ծութիւննե­րը վե­րաց­նե­լու լա­ւագոյն մի­ջոցը քա­ղաքա­կան բնոյ­թով բա­նակ­ցութիւններն են։ Սա­կայն պէտք չէ մոռ­նալ թէ բա­նակ­ցութեան հա­մար անհրա­ժեշտ է կող­մե­րու երկխօ­սու­թիւնը։

Ներկայ դրութեան մէջ երկխօսութեան մասին խօսիլը այլեւս անիմաստ դարձած է, քանի որ Ատրպէյճան 44 օրեայ պատերազմի յաղթանակին ընձեռած բոլորի առիթներէն օգտուիլ եւ Հայաստանը պարտադրանքներով ծնկաչոք ընել կ՚ուզէ։ Ռազմատենչ իշխանութեան մը քաղաքականութիւնը որպէս, բոլորովին հասկնալի է Ատրպէյճանի վարած ռազմագարութիւնը։ Իսկ մենք հայերս նման մերձեցումի դիմաց ունինք միայն մէկ ելքի միջոց՝ որն է զինեալ դիմադրութիւնը։

Դարձեալ պատմական փորձերը բազում անգամներ ապացուցած են որ, նման պայմաններու տակ ամենաանիմաստն է իբրեւ թէ քաղաքակիրթ երկիրներու դիմելով ահազանգ հնչեցնել եւ փաստել ջանալ կատարուած ոտնձգութիւնները։

Ափսոս որ այս վերջին յարձակումէն ետք Հայաստանի վարչապետը իսկոյն վերցուց հեռախօսի ընկալուչը, որպէսզի Ռուսիոյ նախագահին տեղեկացնէ կատարուածը։ Եւ ապա կրկին անգամ վերցուց ընկալուչը, այս անգամ ալ Ֆրանսայի նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու ԱրտԳործ Նախարարին կատարուածները պատմելու համար։ Որքան ալ վիճելի թուի, պահի թելադրածը ընդհակառակն է։ Այսինքն անջատել հեռախօսակապը եւ արտերկրէն եկած հեռախօսազանգերուն պատասխանել «Վարչապետը ճակատ մեկնած է, ձեզի հետ չի կրնար խօսիլ» ըսելու։ Այսպէսով մի գուցէ կանխած կ՚ըլլանք իբրեւ թէ քաղաքակիրթ երկիրներու յարգարժան այրերուն բացայայտ յարձակումը եւ նախայարձակը տեսնելով հանդերձ կողմերուն զինադուլ առաջարկող տխմար ելոյթները։ Յիշենք որ այդ անբարտաւան ելոյթները որքան կը ցաւեցնէին մեզ եւ 44 օրեայ պատերազմին մեկնարկած պահէն սկսեալ միաբերան կը կրկնէին նոյն կոչը առանց դոյզն իսկ տարբերութիւն դնելու յարձակողին եւ յարձակումը դիմագրաւողին միջեւ։

Այս տո­­ղերը գրե­­լու ժա­­մանակ ան­­շուշտ որ քաջ տե­­ղեակ ենք պա­­տերազ­­մով յոգ­­նած ու մա­­շած ժո­­ղովուրդին հո­­գեբա­­նու­­թե­­­նէն։

Խաբուածութենէն բխող վարանում մը կայ այդ ձանձրացման ետին։ Երեւոյթ մը՝ որ թշնամին ալ կը նկատէ եւ ըստ այնմ կը ծրագրէ իր յառաջընթացը։ Ահաւասիկ հոն է որ արդիւնաւետ պիտի ըլլայ միահամուռ զինեալ դիմադրութիւնը, որ կանխատեսած պիտի չըլլար թշնամին։

Խաղաղութեան երաշխիքը հակահարուածի սաստկութեան հետ համեմատուած է։ Որքան ատեն որ շարունակենք զիջողութեան դիրք պահել թշնամին ալ աւելի մեծ եռանդով պիտի գայ մեր վրայ։ Յիշենք որ իրենցհաշուոյն յաղթանակով աւարտած 44 օրեայ պատերազմն ալ իր կարգին Փիրուզեան յաղթանակ մըն է, որ ապահովուած էր բազմահազար պատանիններու կեանքի փոխարէն։

Կա­րելի է ըսել թէ խա­ղաղու­թեան ձգտու­մը կը պա­հան­ջէ աւե­լի թէժ կռիւ­ներ։

«Ակօս»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին