Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Սահմանային Շրջանները Թիրախաւորող Ազերի Յարձակումները Եւ Կոչ Կ’ուղղէ Համընդհանուր Միասնականութեան

Սեպտեմբեր 13-ի առաւօտեան առաջին ժամերուն շղթայազերծուած Ազերի յարձակումները, որոնք կը թիրախաւորէին Հայաստանի սահմանային Ջերմուկի, Կորիսի, Սոթքի, Վարդենիսի, Արտանիշի, Իշխանասարի եւ Կապանի շրջանները, եւ այդ յարձակումները դիմակալող Հայաստանի պաշտպանական ուժերու տուած զոհերու նկատառելի թիւը, կրկին անգամ ահազանգի մատնած են միջազգային շրջանակները, Հայաստանի Պետականութեան, սահմանային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդի ապահովութեան խնդիրները ուշադրութեան առարկայ դարձնելով:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, աշխարհի հայկական մեծագոյն ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւնը, խորապէս կ’ըմբռնէ 2020-ի Արցախեան Պատերազմի կասեցման զինադադարի ընթացքին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին, Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած պատերազմական այս գործողութիւններուն եւ միջազգային սկզբունքներու խախտումներուն դրդապատճառները: Նաեւ կը գիտակցի այն լրջագոյն հետեւանքներուն եւ մարդկային զոհերու ահագնութեան, որ հայկական ինքնիշխան տարածքներուն  վրայ կատարուող Ազերիական յարձակումները կրնան պատճառել: Հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք միջազգային համայնքին, սփիւռքի հայութեան եւ բոլոր մարդկային իրաւանց պաշտպան շրջանակներուն, ճակատ կազմել Ազերիական նկրտումներուն դէմ, որոնք կը թիրախաւորեն Հայաստանի սահմանային շրջաններու խոցելի համայնքները:

Առաջնային քայլը պէտք է ըլլայ անմիջապէս մէկ կողմ դնել ներքաղաքական տարակարծութիւնները եւ համախմբուիլ, միաւորելով մեր ուժերը եւ միջոցները ուժեղ ճակատի մը շուրջ, դիմագրաւելու համար մեր հայրենիքին սպառնացող այս գոյութենական սպառնալիքը: Հ.Բ.Ը.Մ.ը յանձնառու է իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելու, ի խնդիր մեր պետութեան եւ ազգի հզօրացումին:

Միաժամանակ, մենք մեր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնենք Ազերիական այս անհիմն նախայարձակումին պատճառով զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:

Սեպտեմբեր 13

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին