Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Պրպտումներ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

«Աշխարհիս վրայ մարդիկ կան որ կը հաւատան, մարդիկ կան որ չեն հաւատար. Ես անոնցմէ եմ որ կը հաւատան:» (Գրիգոր Օտեան):

Հայրս աչքերը փակեց ու անցաւ յաւիտենութեան: (Մանուկները կը խօսակցին).- «Հիմա աղբիւրէն անցան. Հիմա այգիէն ալ անցան. Եւ հիմաներ …եւ հիմաներ մինչեւ՝ «հիմա ալ չըպիտի գայ, հիմա ալ չըպիտի գայ, հիմա ալ չըպիտի գայ:» Մ. Մեծարենց:

Տասնամեայ երեխայ, թեւերս գրասեղանին՝ գլուխս թեւերուս վրայ, մտածած եմ. «Եթէ Աստուած Պապան չստեղծէր երկինքն ու երկիրը, մամաս, պապաս, ինչ պիտի ըլլար. Ինչ կը նշանակէ պարապութիւն. Ու ԿԱՑ: Ի հարկէ չկարողացայ լուծել. Բան մը՝ որ մարդու բանականութեան  արեւածագէն սկսած է, ու տակաւին վերջնական եզրակացութեան չէ հասած. Մանաւանդ անոնք այնքա՜ն շատ են, տեսակաւոր, իրարամերժ: Քանկ Ֆու Ցէին հարց են  տուեր թէ երբեք չի  խօսիր Անդենականի մասին, ըսեր է .«Նախ սա մեր տեսածները հասկնանք»:Ուրեմն մանկութեանս հարցադրումը չունի իր պատասխանը եւ պիտի չունենայ ալ ինչքան որ պրպտեմ ու  խոկամ հին գրութիւններէ մեզի հասած պատառիկներ կամ ամբողջութեամբ անընթեռնելի կամ պակասաւոր, հանուած հողի ընդերքէն եւ կամ հողի վրայ իբրեւ բուրգ՝ յաղթական կեցուածքով դարերէ եկած ու դարերու նայող կեցուածքով ու պահուածքով. Թէեւ ամէն ոքի չէ տրուած կարենալ հետապնդել իր  կեանքի նպատակը ինչ-ինչ պատճառներով բայց կը մնայ բան մը, նշոյլ մը որով հետաքրքրութիւնը զինք կ՛առաջնորդէ կարելի  եղած առիթներով ու սահմաններով եթէ ոչ լրիւ գաղափար, այլ սերտողութեան նիւթ, գէթ ինքնագոհացումի համար: Գիրքերու աշխարհը… ո՛վ կրնայ չափել Նիւթերու բազմազանութիւնը եւ օրէ օր աճող գիտելիքներու ցուցմունք իբր. Բայց:

Հայրս աչքերը փակեց, անցաւ Յաւիտենութեան: Երկրորդ օրը այցելեցի գրախանութ մը, ուրկէ երկու գիրք գնեցի գուցէ  մասամբ ինքզինքս զբաղեցնելու կեանքի ու  մահուան իրականութեամբ: Մին իբրեւ խորագիր ունէր «ԿԵԱՆՔ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ» Միւսը՝ «ՎԱՐԱԳՈՅՐԷՆ ԱՆԴԻՆ »: Մի քանի տող  գիրքերու պարունակէն.- ԹԷ մարմինը արտաքին է որու մէջ կը բնակի հոգին. Ուրեմն երբ մարմինը մահանայ, ներքին Եսը՝ Հոգին կը  լքէ  մարմինը եւ ամբողջական գիտակցութեամբ կ՛անցնի Անդենականին…լրիւ մէջբերում Ա. Կոռնթացիսէն եւ … անպատեհութիւնը մարդկային բառամթերքին՝ եղած է գլխաւոր բարդութիւնը նկարագրելու համար Հոգին եւ այլ երեւոյթներ վերջի վերջոյ հասնելու եզրակացութեան մը՝ թէ Հոգին անմահ է…եւ մահ չկայ:Մխիթարական է արդարեւ եւ ան որ կը հաւատայ կ՛ապրի:

«Անսկիզբին գաղտնիքները ո՛չ դուն գիտես եւ ո՛չ ալ ես/ Առեղծուածին բառը կարդալ ո՛չ դուն կրնաս եւ ո՛չ ալ ես/Վարագոյրին ետեւն է իր կը բարբաջենք մենք երկուսով/ Վարագոյրը երբ որ վերնայ, ալ ո՛չ դուն կաս եւ  ո՛չ ալ ես:» (Օմար Խայեամ): Առարկայական եզրայանգում-լուծում: Եթէ այդպէս է, ոչինչ կը մնայ մտածելու, լուծելու, վերլուծելու: Սակայն կայ Հոգեւոր գրականութիւն ուր Արեւելք, Արեւմուտք ունին տարբեր մօտեցումներ հուսկ՝ եզրակացութիւններ:

Հետաքրքրական է «Կիլկամիշի Հերոսամարտը» գրքոյկը որ ունի իբրեւ ենթախորագիր «Ամէն ինչ տեսածի մասին»: Կիլկամիշ յաւիտենութեան կը ձգտի ու անկարելին կը կատարէ իր ընկերոջ՝ Էնկիտուին հետ: Անմահական ծաղիկը ծովու յատակէն լոյսի կը բերէ ու քիչ մը  հանգստանալու առիթէն կ՛օգտուի օձը որ ծաղիկին կը տիրանայ. Կիլկամիշ կը մնայ ձեռնունայն:( Իսկ իր ընկերը՝ Էնկիտուն՝ արդէն դժոխքն է): Ի վերջոյ Տնտեսուհին կը բարբառէ Կիլկամիշին «Աստուածները երբ ստեղծեցին մարդուն, անոր Մահ սահմանեցին, Կեանքն իրենց ձեռքերուն մէջ պահեցին: Իսկ դուն, Կիլկամիշ, կուշտ պահէ ստամոքսդ» եւ այլ խորհուրդներ կեանքը ապրելու իբրեւ հայր եւ Երկրի պետ: Այսպէս կայ երկրային կեանքն ու երկնայինը որու միակ յենարանը հաւատքն է. Արդարեւ կրօններու հիմն է ան:«Առանց հաւատքի անհնարին է Աստուծոյ հաճելի ըլլայ. հաւատքը յուսացած բաներու հաստատութիւնն է եւ չ՛երեւցած բաներու ապացոյցը»(Պողօս Առաքեալ):

Նահատակ մտաւորական, Բժիշկ, Բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակ իր իր ԱՀԱՒՈՐ ՏԱՐԱԿՈՅՍԸ գրութեան մէջ,իր եղբօր՝ Հայկի մահուան առիթով կը գրէ.- «Երկու հսկաներու միջեւ կը տատանիմ ու կը տառապիմ. Երկու միականի կիկլոպներ կը բաժնեն հոգիս.- Գիտութիւն մը՝ որ փաստեր ունի ու իտէալ չունի, ու Կրօնք մը՝ որ իտէալ ունի փաստեր չունի…»:Առաջինը  անվերապահ մահուան կը դատապարտէ զիս, երկրորդը՝ անհունութեան լուսամուտներ կը  բանայ անհունաբա՜ղձ հոգիիս: Մէկը ոտքս գերեզմանին կը կապէ,միւսն աչքերուս՝Երկինքները ցոյց կու տայ»:

Ընտրութիւնը անձնական է մինչ մեր աչքերէն արցունքը անպակաս է թէ՛ Երէկի հաշուոյն եւ թէ առօրեայի զոր կ՛ապրինք օր օրի եւ… ո՛վ կրնայ Վաղն գուշակել:

Հանգիստ Ննջեցեալներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին