Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Հպարտառիթ Երեւոյթ

Մշակութային Արձագանգ

Հպարտութեամբ իմացանք, որ վերջերս «Քեզի Համար Լիբանան» կարգախօսով «Ամերիքաս Կադ Թելընդ» (America’s Got Talent) ծրագրի եզրափակիչ փուլը նուաճած Լիբանանեան ՄԱՅՅԱՍ խումբին անդամներուն շարքին է լիբանանահայ Լարա Ճիպեանը, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին արդէն իսկ պարարուեստի մէջ յայտնի անուն է Լիբանանի մէջ:

Պատուաբեր փուլին նուաճման օրը, Լարա Ճիպեան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ անգլերէն լեզուով հետեւեալ գրառումը ըրած է. «Այսօր ես բեմ բարձրացայ՝ մտածելով իմ ժողովուրդին, իմ երկրին՝ Լիբանանի մասին։ Ես ինձ աւելի հզօր և վճռական կը զգայի, քան բոլոր միւս ելոյթները, որովհետև սա սովորական ներկայացում չէր: Առաքելութիւն էր՝ երջանկութեան և յոյսի առնուազն 1%-ը վերադարձնելու Լիբանան: Ես իսկապէս յոյսով եմ, որ մենք յաջողեցանք այդ ընել Ելոյթը քեզի համար էր, Լիբանան»:

Նշենք, որ խումբը ունի հայազգի այլ անդամ մը՝ Հարի Հետեշեան, որ խումբին ելոյթներուն երաժշտական  ձեւաւորումին պատասխանատուն է:

Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները:

«Զ.»

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին