Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Եգիպտականք (7)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

            Բոլոր տուեալները առկայ են  ենթադրելու, թէ մեհենագրական ոճը ուղիղ ժառանգուած էր պատկերագրութենէն, որ  եղած է հնագոյն ժողովուրդներու  գրաւոր հաղորդակցութեան առաջին փուլը, այն, ուր գիրերու բացակայութեան՝ մարդիկ իրենց  մտքերը  նկարներով կը հաղորդէին իրարու. օրինակ՝ կը գծէին  հաւ մը կամ խնձոր մը, ուտելու գործողութիւնը ցոյց կու տային դէպի բերան ուղղուած ձեռքով,  ու տակաւին՝  առնելու եւ տալու գործողութիւնները, ինչպէս քնանալու եւ վեր կենալու, այլեւ քալելու եւ վազելու եւ  այլ պատկերացումնր՝ տեսակ-տեսակ անասուններու եւ  իրերու: Ասոնք բոլորը տակաւին առկայ են եգիպտական մեհենագրերու մէջ, սա՛ տարբերութեամբ, որ  հետագային անոնք անուանողական  արժէք ստացած են:

             Ստորեւ նմուշներ՝ 

Կան տակաւին ասոնց տարբերակները, այնպիսիները, որոնք աննշան մանրամասնութեամբ մը միայն կը տարբերին բերուածներէն: Անդին կան նաեւ ասոնց յօշոտուած  տարբերակները, այնպիսիներ, որոնք գլխատուած են, այլեւ այնպիսիներ, որոնց  միայն գլուխը կամ մէկ անդամը   մնացած է, եւ ասոնք բոլորը ունին իրենց հնչիւնական յատուկ արժէքը, որոնց համատեղումով «պիտի կազմուի բառը»:

Եգիպտացիին համար կը թուի բնաւ հնչած չըլլալ այն աստեղային ժամը, ուր ան անդրադառնար յօրինակ կարգ մը այլ ժողովուրդներու, որ այս անհամար պատկերներու նշած հնչիւնները շատ սահմանափակ  էին թիւով, հազիւ քանի մը տասնեակ, որոնց  մեկուսացումով, բիւրեղացումով ալ կարելի կրնար ըլլալ արտայայտել լեզուի բոլոր բառերը:


Պատկերագրութենէն հնչիւնագրութիւն անցումը մարդկային մտքի մեծագոյն սխրանքն է, որ նոյն արտայայտութիւնը եւ տարողութիւնը չէ ունեցած ամէն միջավայրի մէջ: Եգիպտերէնը ճիշդ այս վերջիններէն է, ուր  հասկացութիւնները նշող պատկերները հեշտութեամբ տեղի չեն տուած. շատ ու շատ բան  կիսատ մնացած է կամ շարունակած է մնալ անցեալի տիրակալութեան տակ եւ ենթակայ հազարաւոր նկարներու: 

Շատ առաջ այդ պատկերները 5−6.000 էին, ինչպէս կը հաստատեն եգիպտագէտները, սակայն ժամանակի ընթացքին անոնց մէկ կարեւոր մասը դադրած է կիրարկուելէ, եւ ներկայիս ուսուցուող եգիպտերէնը, ըստ Ալան Կարտինըրի  ցուցակներուն, կը հասնի 750-ի:

Ասոնք  ընդհանրապէս  կը նշեն երկբաղաձայն եւ եռաբաղաձայն   արմատներ, երեւոյթ մը որ շատ բնորոշ է սեմական լեզուներուն եւս, ի բաց առեալ փոքրիկ խումբ մը՝ երեսնեակ մը,  որ բաղկացած է միահնչիւն բաղաձայններէ, որոնք հիմնականին մէջ   Շամպոլիոնի վերծանածներն են:

Յիշեալ  միահնչիւններու  ցանկը,− որուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ,− փաստօրէն  հնչիւնագիր կատարեալ այբուբեն մըն է՝ նման ներկայիս գործող սեմական  գրեթէ բոլոր բաղաձայնագիր այբուբեններուն`արաբերէնին, եբրայերէնին, ասորերէնին. ան  լայնօրէն բաւարար էր, որ եգիպտերէնը անթերի գրուէր, սակայն անծանօթ պատճառներով  այդպէս չէ եղած. եգիպտացիները իրենց  գրաւոր լեզուն ծանրաբեռնած են այնպիսի խրթնաբան տարրերով, որոնց պիտի անդրադառնանք եւ որոնք ուղղակի կը շշմեցնեն արդի գրաբանը, շատ աւելի՝ եգիպտերէն սորվիլ փորձողները:

Իսկ ճիշդ ի՞նչ են այդ դժուարութիւնները:


Ամէն  մեհենագիր բառ իր մէջ կը կրէ,− կամ ընդհանրապէս հակամէտ է կրելու,−  երեք տեսակ բաղադրիչներ.

— Այնպիսիները, որոնք հանդէս կու գան իրենց հնչիւնական արժէքով ու կը բնորոշեն հասկացութիւն մը՝ առարկայ մը, յատկանիշ մը, գործողութիւն մը եւ այլն եւ որոնք լիարժէք կ’արտասանուին. ասոնք  phonogrammes-ներն են՝ ձայնագրերը:

— Այնպիսիները, որոնք հանդէս կու գան իբրեւ գաղափարագիր:

— Այնպիսիները, որոնք կը ծառայեն իբրեւ ձայնային յենարան:

Վերջին երկուքը հնչիւնական որեւէ արժէք չունին:

Օրինակով մը տեսնենք մեհենագրերուն այս երեք գործառոյթները:

Ուրեմն բերուած բառը կազմող վեց մեհենագրերէն չորսը հնչիւնական ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին, բայց եգիպտերէն ուսանողը պարտի սորվիլ, յիշել ու արձանագրել զանոնք՝ հաւատարիմ մնալու համար եգիպտերէնի գրային աւանդոյթին:

Եթէ մտածենք, որ ամէն բառ ունի իր հնչիւնական ուրոյն նեցուկները, միւս կողմէ ուրոյն գաղափարագիրը, երբեմն՝ մէկէ աւելի եւ իրենց  բազմատասնեակ  տարբերակներով, ապա կարելի է ենթադրել այն ահարկու դժուարութիւնները, որոնց կը բախի  եգիպտերէն սերտողը:                     

Ծանօթ .− Յատկանշական է, միւս կողմէ, գոյութիւնը մեհենագիր բառերու, որոնք նոյն նշանակութիւնը կ’արտայայտեն գրային տարբեր օժիտով.  օրինակ՝ այս նոյն Khepri բառը  գրուած կը գտնենք առանց 𓊪 մեհենագրերուն՝   , որը բոլորովին ինքնաբաւ է եւ կը հնչէ Khepri, ինչ որ շատ աւելի մօտ է հնչիւնագիր ուղղագրութեան՝ Khpr+i=Khepri, այլ հարց թէ ան  Khepri պիտի հնչէր առանց  երրորդ մեհենագիրին եւս:

Թէբէ, Louxor (Վերին Եգիպտոս),
spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին