Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Երկու Տարուան Դադարէն Ետք Ովասիս Ամառնային Ծրագիրը Իրականացաւ 22-րդ Տարին Ըլլալով

25 Օգոստոս 2022-ին, Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի ՈՎԱՍԻՍ ամառնային ծրագիրի փակման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան պատասխանատու հոգեւորականներուն, ծնողներու եւ բարեկամներու։

2022-ի «Ովասիս»ին բացումը տեղի ունեցած էր 5 Յուլիսին․ այդ օր, քորոնա ժահրի համավարակին պայմաններուն բերումով երկու տարուայ պարտադիր դադարէն ետք լիբանանահայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու սիրելի ամառնային ծրագիրը յայտարարած էր իր վերադարձին մասին։

22-րդ «Ովասիս»ը երկարեցաւ 8 շաբաթներու վրայ, որուն ընթացքին մասնակից մանուկներն ու պատանիները տարբեր խմբակներու մէջ զբաղեցան մարզական եւ այլ խաղերով, նկարչութեամբ, ձեռային աշխատանքներով, երգով ու պարով։ Փակման հանդիսութեան անոնք ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը տարբեր ազգութիւններու մշակոյթները ներկայացնող պարերով եւ փունջ մը երգերով՝ հեղինակութեամբ «Ովասիս»-ի հիմնադրութեան օրէն երգի խմբակները ղեկավարած պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի․ յատկանշական էր, որ այս տարի երգի խմբակներու ղեկավարման մէջ անոր յաջորդած էր զաւակը՝ տաղանդաւոր երաժիշտ Գէորգ Քէշիշեան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ «Ովասիս»ի շրջանակին մէջ կայացած SEMAS հաշուողական դրութեան մրցոյթի յաղթականներուն մրցանակաբաշխութիւնը:

Փակման խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ երկու տարուան ակամայ դադարէն ետք «Ովասիս» ամառնային ծրագիրը վերադարձաւ նախկին եռանդով եւ արդիւնաւէտութեամբ, ինչ որ յստակ պատգամ մըն է այն մասին, որ Մեսրոպեանի յարկին տակ կրթական բնոյթի բոլոր աշխատանքները պիտի շարունակուին անխափան՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Այս առիթով, ան մեծապէս գնահատեց «Ովասիս»-ի կազմակերպիչ պատասխանատուներուն, անձնակազմի բոլոր անդամներուն եւ օգնականներուն նուիրումը՝ ի խնդիր լաւագոյն արդիւնքի իրականացման։ Պարոն Գալուստ նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, որ SEMAS հաշուողական դրութեան ուսուցումը մաս կազմեց Ովասիս»-ի ծրագիրին, հաշուի առնելով անոր օգուտները աշակերտներուն մտային կարողութիւններու զարգացման համար։

Արդիական չափանիշներու համաձայն վերջերս հիմնովին վերանորոգուած Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ կայացած հանդիսութիւնը փակուեցաւ ովասիսական ուրախ տրամադրութիւններով՝ ապագայի հանդէպ յոյսի եւ հաւատքի ամրապնդումով։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին