Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Իւան Թուրկենեւ

Իւան Թուրկենեւ (Ivan Sergeyevich Turgenev) ( 9 Նոյեմբեր 1818, Օրէօլ, Ռուսական կայսրութիւն – 3 Սեպտեմբեր 1883, Պուժիվալ (Bougival), Ֆրանսա), ռուս իրապաշտ գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս, թատերագիր, թարգմանիչ։ Ռուս գրականութեան դասականներէն մէկը։ Փեթերսպուրկի գիտութիւններու կայսերական ակադեմիայի ռուսերէնի գիծով թղթակից անդամ, Օքսֆորտ համալսարանի պատուաւոր դոկտոր (1879)։ Հեղինակ է վէպերու, վիպակներու եւ պատմուածքներու, որոնցմէ ամէնէն շատ Ճանչցուած են եւ բազմաթիւ լեզուներով (այդ կ՛ընդգրկէ նաեւ հայերէն) թարգմանուած են հետեւեալները. «Նախօրէին» (անգլ.՝ On the Eve)1860), «Ծուխը» (անգլ.՝ Smoke) (867), «Հայրեր եւ որդիներ» (անգլ.՝ Fathers and Sons) (1862) վէպերը, «Որսորդի Յիշատակարանը» (անգլ.՝ A Sportsman’s Sketches)(1852) պատմուածքներու ժողովածուն, «Մումու» (1852), «Գարնանային Ջուրեր» (1872), «Յաղթական Սիրոյ Երգը» (1881) վիպակները։

Թուրկենեւի ստեղծած գեղարուեստական համակարգը մեծ ազդեցութիւն ձգած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսին՝ ո՛չ միայն ռուս, այլեւ՝ արեւմտաեւրոպական վէպի բանաստեղծական արուեստի վրայ։ Իւան Թուրկենեւը առաջինն էր ռուս գրականութեան մէջ, որ սկսաւ ուսումնասիրել «նոր մարդուն»` վաթսունականի անձը, անոր բարոյական յատկանիշները եւ հոգեբանական առանձնայատկութիւնները: Իրեն շնորհիւ ռուսաց լեզուին մէջ սկսաւ լայնօրէն կիրառուիլ «նիհիլիզմ»ի (ոչնչապաշտութեան) եզրը։ Ան արեւմուտքի մէջ գրականութեան եւ թատերգութեան քարոզիչն էր։

Իւան Թուրկենեւի ստեղծագործութեան ուսումնասիրութիւնը պարտադիր մաս կը կազմէ Ռուսաստանի հանրակրթական դպրոցական ծրագիրներուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին