Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Հորիզոնին Վրայ Նորութիւն Մը Չկայ Կառավարութեան Կազմութեան Առնչութեամբ

Հակառակ նշանակեալ Վարչապետի՝ Նաժիպ Միքաթիի նախագահական պալատ այցելութեան, կառավարութիւն կազմելու հաւանականութիւնը տակաւին կը յամենայ, մինչ 30 վայրկեան տեւած այցելութիւնը ըստ երեւոյթին լուրջ արդիւնքներ ունենալէ հեռու էր:

Հանդիպումը երկար ժամանակ տեւած նախագահին եւ վարչապետին յարաբերութիւններուն սառցահալին հազիւ սատարեց:

Միքաթի հանդիպման աւարտին կարճ յայտարարութիւն մը ըրաւ, լրագրողներուն յայտնելով, որ ինք տակաւին կը մնայ այն ցանկին վրայ, որ անցեալ Յունիսին ներկայացուցած էր նախագահին, որուն մասին տակաւին բարուոք արձագանգ չէ ստացած:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին