Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Իվանքովաչի կռիւը

Իվանքովաչի կռիւը․ սերպերու առաջին ապստամբութեան ընթացքին կռիւ,  Տեղի ունեցաւ Իվանքովաչ, 18 Օգոստոս 1805, սերպ ապստամբներու եւ Օսմանեան բանակին միջեւ։

Իվանքովաչի կռիւը, սերպ ապստամբներու առաջին բախումն էր օսմանեան բանակին հետ։  Սերպերու յաղթանակը կ՛ ոգեւորէ Փաշալիք շրջանի Pashalik of Belgrade (Սմետերեվօ սանճակ Sanjak of Smederevo) սերպերը: 

1790-ին Օսմանեան կայսրութեան սուլթանը Սելիմ Գ․ Սմետերովօ սանճակի սերպերուն կը շնորհէ ներքին ինքնավարութիւն, ապահովելով անոնց գործակցութիւնը Պելկրատի կառավարիչ Հաճի Մուսթաֆա Փաշային հետ։ 

1804 Փետրուարին ենիչարիները կը կազմակերպեն Սմետերեվօ սանճակի սերպ ազնուականներու կոտորածը՝ «Քնեզովա ջարդ»ը․ Քնեզ՝ սլաւ ազնուականներու տիտղոս։  Քարաեորղի Փեթրովիչ ապստամբութեամբ մը կը հակադարձէ ենիչարիներու դէմ, ունենալով սկզբնական շրջանին Սուլթան Սելիմ Գ․-ին հաւանութիւնը․ մինչեւ տարեվերջ կը յաղթէ կաշառակեր ենիչարիներուն։  Կը յաջորդեն բանակցութիւններ․ սերպերը կը պահանջեն ինքնիշխանութան վերահաստատումը, իսկ միաժամանակ կապ կը հաստատեն ուրիշ շրջաններու ապստամբ սերպերու հետ։  Սուլթանը սարսափած սերպերու պահանջներէն եւ գործողութիւններէն, Նիս (Սերպիոյ հարաւը. հին անունով Նիսա) քաղաքի կառավարիչին Հաֆիզ Փաշային կը նշանակէ Պելկրատի նոր կառավարիչ, հրամայելով կոտորել սերպ ապստամբները։  Առաջին անգամ ըլլալով կանոնաւոր օսմանեան բանակ կը ղրկուի, որպէսզի ճզմէ ապստամբները։

Մինչեւ Յուլիս 1805, օսմանցիները ետ մղած էին ապստամբները։  Մեծ Դուռը՝ Սուլթանը, Յուլիսի վերջերուն, որպէսզի կասեցնէ ապստամբները Նիս քաղաքէն բերել կու տայ մօտաւորապէս 15 000 զինուորներ։  Վերջինները կը հաւաքուին Չուփրիայի մօտերը գտնուող բլուրին վրայ, որպէսզի ուղղուին դէպի Պելկրատ։  Ապստաբները Պելկրատ ճամբուն վրայ թուրքերու յարձակման կը սպասէին եւ այդ պատճառով երկու խումբերու կը բաժնուին։ Քարաեորղի Փեթրովիչ (կամ Ճորճէ Փեթրովիչ) ապստամբներու առաջին խումբով (4 000 – 5 000 զինեալներ) կը գտնուի Եաքոտինա բլուրը՝ Մորավա գետի ձախ ափին, ուրկէ մտադիր են պաշտպանել Չուփրիա – Եաքոտինա – Պաթոչինա – Կրոչքա – Պելկրատ կեդրոնական ճամբան։  Երկրորդ խումբը կը ղեկավարեն Միլենքօ Սթոյքովիչ եւ Փեթար Տոպրնեաք մօտաւորապէս 2 000 ապստամբներով։ Անոնք հաւաքուած են Իվանքովաչ, որպէսզի պաշտպանեն դէպի Մորավա գետ տանող ճամբան։

Թուրք հրամանատարը՝ Հաֆիս Փաշա, տեսնելով սերպերուն գրաւած դիրքերը, կ՛ որոշէ յարձակիլ Իվանքովաչի վրայ։  Ապստամբները սակայն, արդէն կառուցած էին երկու շրջափակուած խրամ, իսկ արեւմտեան լանջին՝ երկու ամրութիւններ։

18 Օգոստոսի առաւօտեան, թուրքերը յարձակողականի կ՛ անցնին։  երկու կողմերը մեծապէս կը տուժեն։  Իրիկուան, սերպերը կը լքեն առաջին ամրութիւնները եւ կը նահանջեն գլխաւոր ամրութեան։  Գիշերը օգնութեան կը հասնի Քարաեորղին իր ուժերով եւ ետ կը մղեն օսմանցիներուն, ձեռք ձգելով բաւական զինամթերք։ Օսմանցիները դէպի Նիսկը կը նահանջեն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին