Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴՈԿՏ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ԱՄԵՆԱՄԵԱՅ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Մտաւորական, լրագրող, հասարակական գործիչ եւ ՌԱԿ բազմաթիւ թերթերու շուրջ կէսդարեայ խմբագիր Դոկտոր Նուպար Պէրպէրեանի 2022 թուականի մրցանակաբաշխութեան դիմելու մեկնարկը տրուած է:

Նուպար Պէրպէրեանի մրցանակը կը տրուի հայկական ծագում ունեցող ուսանողներուն, որոնք կը մասնագիտանան միջազգային իրաւունքի կամ քաղաքագիտութեան մէջ: 

Մրցանակաբաշխութիւնը սահմանուած է մտաւորականի  կտակին համաձայն, իսկ Պէրպէրեան կեանքէն հեռացած է 2016 թուականի Նոյեմբեր 23ին, 94 տարեկան հասակին:

            Մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու պայմաններն են՝ 

  1. կրնան մասնակցիլ ուսումնական հաստատութիւններու՝ հայկական ծագում ունեցող ուսանողները, որոնք գլխաւորապէս մասնագիտացած են կամ միջազգային իրաւունքի, կամ քաղաքագիտութեան մէջ:
  2. դիմորդը պէտք է ամբողջական դրոյքով ներգրաւուած ըլլայ աշխարհի  հաւատարմագրուած քոլէճներու կամ համալսարաններու  պաքալորէայի կամ ասպիրանթուրայի ծրագիրներով:
  3. դիմորդը պէտք է ներկայացնէ ամբողջական տեղեկատուութիւնը, որ սահմանուած է դիմումի ձեւով:
  4. դիմորդը պէտք է ներկայացնէ քոլէճի գրագրի պատճէնը:
  5. դիմորդը պէտք է ներկայացնէ դիմանկար:
  6. դիմումնագիրը հնարաւոր է ստանալ Tcadirector@aol.com ելեկտրոնային փոստին  գրուած նամակի միջոցով:
  7. դիմորդները պէտք է դիմումները ներկայացնեն ելեկտրոնային տարբերակով՝ ուղարկելով Tcadirector@aol.com հասցէով:
  8. յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը 2022 Սեպտեմբեր 15-ն է:
  9. հիմնադրամի  կառավարիչները 2022 թ. Հոկտեմբերին կը քուէարկեն որակաւորուած յաղթողներու օգտին՝ հաշուի առնելով իւրաքանչիւր դիմումատուին ներկայացուցած դիմումը:
  10. յաղթողը կամ յաղթողները կը ստանան իրենց մրցանակները 2022 Նոյեմբերին:
  11. յաղթողները իրաւասու չեն կրկին դիմել մրցանակի համար:
Ուոթըրթառւն, ԱՄՆ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին