Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Վարչութեան Կազմակերպութեամբ Հանդիպում Շիրակի Թեմի Առաջնորդին Հետ

Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022, առաւօտեան ժամը 10։30֊ին, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի կազմակերպութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Լիբանան ժամանած, Գերշ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի հետ՝ Առաջնորդ Շիրակի թեմի, Ռմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահը լեցուն էր ջերմ հաւատացեալներով։ Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ Քահանայ Լոշխաճեան, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի անունով բարի գալուստ մաղթեց հայրենիքէն ժամանած հոգեւորականին, ինչպէս նաև բոլոր ներկաներուն։ Ան ներկայացուց սրբազան Հօր կենսագրականը և ձեռներէցօրէն վարեց շուրջ մէկ ժամ տեւող յայտագիրը։

Սրբազան կողքին էին՝ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի աւագ վարչականեր՝ Տիկին Գոհար Խաչատուրեան և Տիկին Ֆրիտա Սարգիսեան, որոնք 2005֊ին ստացած են Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կրծքանշաններ և կոնդակներ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ, իրենց ազգանուէր բարերարութեան և նուիրական ծառայութեան համար։

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին մաս կազմեցին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի սաներէն՝ Յակոբ Թերզեան տհոլ, Մերի Էքմէքճեան ասմունք, Նայիրի Արմենեան սրինգ, Մարիամ, Սուզան և Աւետիս Դանիէլեան հայկական երգերով։

Սրբազան հայրը ներկաներուն ծանօթացուց իր գործունէութեան և Շիրակի մարզին աշխատանքներուն մասին, ինչպէս՝ եկեղեցիներու վերանորոգման, գյումրեցի հաւատացեալ ժողովուրդի աստուծապաշտութեան։

Ապա ներկաները հարցումներ ուղղեցին Սրբազան հօր։ Հանդիպումը փակուեցաւ Պահպանիչով։

Ներկաները լիցքաւորուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բոյրով, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի եկեղեցական տեղեկութիւններով ու փափաքեցան որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն յաճախ Պէյրութ այցելեն ու ոգեւորեն հայրենիքի շունչով և աղօթքով։

Շնորհակալութեան խօսք բոլորին, ի մասնաւորի՝ բարերարներուն, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանին, Տիկնանց միութեան վարչականներուն, թաղական խորհուրդի անդամներուն, որոնք սիրայօժար աջակցեցան ձեռնարկին յաջողութեան։

ԱՆԱՀԻՏ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին