Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022-ին, ճատրակի մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ, Smart Chess Academy-ի կազմակերպութեամբ, Ժայիթա Քաունթրի Գլապին մէջ: Մրցաշարքին մասնակցեցան լիբանանեան տարբեր ակումբներու 52 մարզիկներ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ութ մարզիկներով մասնակցեցաւ մրցաշարքին եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց: ՀԵԸ-ական Մարքօ Նալպանտեան շահեցաւ 18 տարեկանէն փոքրերու առաջնութիւնը: Ալպեռ Աշքար՝ 12 տարեկանէն փոքրերու: Էնտրու Ազար՝ 10 տարեկանէն փոքրերու մէջ՝ 8-րդ, Քայէլ Սարգիսեան` 8 տարեկանէն փոքրերու 4-րդ, Իսկ Սարգիս Զէյթճեան՝ 8 տարեկանէն փոքրերու՝ 5-րդ (ծնեալ՝ 2017):
Աննա Թերեզա Էսփեր, Էտուարտ Ռիհանի, եւ Անթուան Ֆրեմ մասնակցեցան այլ կարգերու մրցումներուն:
Նշենք, թէ Չորեքշաբթի օրերը ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ակումբին մէջ մնայուն ճատրակի դասընթացքներ տեղի կ’ունենան Ֆիտէ-ի Մեսթըր Անթուան Ասիսի, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի վարչութեան պատասխանատու եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Տիգրան Զէյթճեանի հսկողութեան տակ:
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել՝ 03- 987436: