Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ Տարեդարձի Միջազգային Նշումը Երեւանի Մէջ

Մշակութային Արձագանգ

Վեր. ՆՇԱՆ ՊԱԳԱԼԵԱՆ

Յուլիսի առաջին շաբաթը Հայաստանի մէջ յատուկ նշումներ եղան՝ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ աշխարհատարած ընտանիքին համար։ Նշելով անցեալ տարուայ համավարակի պատճառով յետաձգուած 175-ամեակը, զանազան բաժիններով այս միջազգային ծրագիրը իրականացուեցաւ տարի մը ետք։

30 Յունիս 2022-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը իր նստավայրին մէջ ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը եւ ներկայացուց իր բարձր գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքը:

Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175-ամեակի նուիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ իրիկուն, 1 Յուլիս 2022-ին, Արամ Խաչատուրեան Համերգասրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։  Յոտնկայս յարգուեցաւ յիշատակը Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն:

Խօսք առին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գործադիր Տնօրէնը՝ Պրն. Զաւէն Խանճեանը, ինչպէս նաեւ տեսերիզով՝ Հայ Աւետ. Եկեղեցական Միութիւններու պատասխանատուները։ Պրն. Խանճեանը շեշտեց Յոբելեանական Գործունէութիւններու բնաբանը, «Անխախտ Պահենք Մեր Հաւատքը» (Եբր. Ժ.23)։

Յայտագիրը կը բովանդակէր պատմական եւ տեղեկատուական տեսանիւթեր, եւ գեղեցիկ երգ ու նուագ՝ խմբավարութեամբ Դոկտ. Վարդան Ակոբեանի՝ Փրակայէն. ան առաջնորդեց Հայաստանի Պետական Կամերային Նուագախումբը, Երեւանի Պետական Կամերային Երգչախումբը եւ «Կոմիտաս» Երգչախումբը։ Ժողովրդական երգերէն զատ, երաժիշտները ներկայացուցին հետեւեալ հոգեւոր երգերը. «Եկեղեցին Հիմնեալ Է», «Մեր Հարց Հաւատք», «Աստուած Մեր Բերդն Է Հաստատուն» եւ Միսիրեանի «Հայր Մեր»ը, ինչպէս նաեւ իր մշակումներով ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր, ինչպէս «Գարուն ա», «Ազգ Փառապանծ», «Հայաստան» եւ «Վաղարշապատի Պար»։

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահը, Վեր. Յովէլ Միքայէլեանը, իր փակման յորդորը տալէն ետք, Օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը։

Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175-ամեակի նուիրուած համագումարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ին, առտուընէ մինչեւ կէսօրէ ետք, Երեւանի Հայց. Աւետ. Եկեղեցիին մէջ։  Պաշտամունքով սկսաւ հաւաքը, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ հովիւներ, ծառայողներ եւ աշխարհականներ աշխարհի զանազան Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէ: Քննարկումները սկսան հինգ Միութիւններէն տեղեկագիրները եւ իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրները լսելով։ Միութիւնները ներկայացնող հինգ երիտասարդները իրենց տեսլականով հանդէս եկան նոյն բեմէն։  Կէսօրէ ետք հաւաքը խմբակներու բաժնուեցաւ եւ քննարկեցին Հայց. Աւետ. Եկեղեցին յուզող նիւթեր, որուն արդիւնքները աւելի ուշ բոլոր մասնակցողներուն ներկայացուեցան, եւ որը պիտի յղուի Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդին։ Հայաստանի Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նախագահը՝ Վեր. Ալբերտ Փայտեան իր պատգամը փոխանցեց։ Հաղորդութեան սեղանէն մասնակցեցան բոլորը՝ Վեր. Հենտրիք Շահնազարեանի մատակարարումով, եւ համագումարը աւարտեցաւ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի աղօթքով։

Աւելի ուշ, Ֆրանսահայ Աւետարանական «Յոյս Հայաստանի Համար» կազմակերպութեան 30-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Քոնկրէս» Հիւրանոցին մէջ։

Կիրակի առաւօտ, 3 Յուլիս 2022-ին, Ստեփանաւան քաղաքին մէջ փառաբանութեան պաշտամունքի եւ նուիրման արարողութիւններու համար Հայաստանի զանազան շրջաններէ, եւ մանաւանդ արտասահմանէ եկողները հաւաքուեցան Հայց. Աւետ. Եկեղեցիի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Կեդրոնի շրջափակէն ներս։

Սկսելով ԱՀԱԸի նորակառոյց Կեդրոնի պաշտօնական բացումով, հարիւրաւոր ներկաները միացան եկեղեցւոյ մէջ՝ պաշտամունքի համար։ Հայց. Աւետ. Եկեղեցւոյ 175-ամեակի փառաբանութեան պաշտամունքին հետ միասին, այն օրը նուիրման աղօթք մատուցուեցաւ նաեւ եկեղեցաշէնքի վերանորոգման համար։

Եկեղեցին եւ ԱՀԱԸի Կեդրոնը միասնաբար կը ծառայեն Ստեփանաւանի բնակիչներուն, հայթայթելով հոգեւոր առաջնորդութիւն, դպրոցական եւ արուեստի դասընթացքներ, ընկերային ծառայութիւններ, բոլորը քրիստոնէական ջերմ նուիրումով։

Երիտասարդական տօնակատարումներու շարքին մէջ, Հանքաւանի եւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ համաաւետարանական երիտասարդաց համագումար ամբողջ շաբաթ մը տեւող,  մասնակցութեամբ՝ 170 անձերու ժամանած ԱՄՆէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Արցախէն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն:

Վերջին գործունէութիւնը Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ միջազգային 175-ամեակը նշելու համար՝ «Հայրիկ» վերնագրով թատրերգութիւն մըն էր, որ Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ «Հայասա» թատերախումբը ներկայացուց Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ին, «Պատանի Հանդիսատեսի Թատերասրահ»ին մէջ։ Մանուկ եւ չափահաս դերասանները ներկայացուցին տեսարաններ Վեր. Ահարոն Շիրաճեանի կեանքէն Հալէպի մէջ, Ցեղասպանութեան տարիներուն։ Այդ շրջանին, Շիրաճեանը շատերու ծանօթ էր իբրեւ «Հայրիկ»՝ հայ որբերու փրկարարը, «Հալէպի Օրհնութեան Տան» գլուխը, եւ Յիսուս Քրիստոսի ողորմութեան մարմնացումը։ Բեմադրիչ Նունէ Աբրահամեանը ներկաներուն համար ուրուագծեց այն մարդասիրական աշխատանքը, զոր Շիրաճեանը ըրաւ, փրկելով շուրջ 15,000 որբերու կեանքը, նաեւ բեմադրութեան մէջ ներառելով Հալէպի Տոքթ. Ասատուր Ալթունեանի անձնուէր ծառայութիւնը։ Թուրքերուն անդադար սպառնալիքը, որբերուն յոյսերն ու յոյզերը, եւ Շիրաճեանի քրիստոնէական խոր համոզումները վերակենդանացան։

175-ամեակի ծրագիրները աւարտեցան վերանորոգ նուիրման յոյսով եւ աղօթքով, Հինգշաբթի, 7 Յուլիսին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին