Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ՄԱՀԱԶԴ

Այրի Տիկին Ալիս Թէրզեան-Քիրէճեան

Տէր եւ Տիկին Րաֆֆի եւ Թալին Գամագեան եւ ընտանիք

Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Յակոբ եւ Հուրի Փափազեան եւ ընտանիք

Տիկին Սիրվարդ Ֆարաճեան եւ ընտանիք

Տիկին Արտեմիս Մարտիրոսեան եւ ընտանիք

եւ համայն՝ Քիրէճեան, Թէրզեան, Գամագեան, Փափազեան, Մարտիրոսեան, Թիւթիւնճեան, Ֆարաճեան եւ Գապայեան ընտանիքներ եւ ազգականներ կը գուժեն իրենց՝ ամուսնոյն, հօր, մեծհօր, աներհօր, եղբօր, մօրեղբօր, եւ հարազատին

ԶՈՀՐԱՊ  ՀԱՊԻՊ  ՔԻՐԷՃԵԱՆի

մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2022-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 9 Յուլիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Աւետում եկեղեցւոյ մէջ (Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, Ժէաթաուի), ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Հազմիէի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատունը (Շէվրոլէ):

  • Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
  • Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ ետք, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի սրահէն ներս – Ժէաթաուի, Էշրէֆիէ առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
  • Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նաեւ հեռաձայնի միջոցով.
  • Ալիս՝ 71-149962
  • Թալին՝ 03-784078
  • Հուրի՝ 03-721943

Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն,  ի մասնաւորի Տէր եւ Տիկ. Ընկ. Տոքթ. Յակոբ եւ Ընկ.հի Հուրի Փափազեաններուն:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին