Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Բագրատ Եսայեանի Ձերբակալութիւնը Ուղղուած է Նաեւ Ազատ Խօսքի, Մամուլի Ազատութեան Դէմ

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան տարածած յայտարարութիւնը՝ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանի ձերբակալութեան առիթով

Յունիսի 10-ի առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները ձերբակալած են «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանը։

Վերջինս ձերբակալուած է դեռ 2020 թուականի վերջը տեղի ունեցած դէպքի մը առիթով յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս, այն պարագային, երբ նախորդած շուրջ 1 տարի եւ 8 ամիսներուն ընթացքին պարտաճանաչ ներկայացած է նախաքննական մարմնին, որեւէ կերպով չէ խուսափած քննութենէ, չէ թաքնուած, մշտապէս գտնուած է հանրային ուշադրութեան կեդրոնին, եւ որեւէ ողջամիտ հիմնաւորում չկայ, որ ազատութեան մէջ գտնուելով՝ կրնար խոչընդոտել գործի քննութեան։

Բագրատ Եսայեանը հայաստանեան յառաջատար հեռուստաընկերութիւններէն մէկուն տնօրէնն է, որ չ՝ենթարկուիր իշխանութիւններու վերահսկողութեան, եւ անոր ձերբակալութիւնը ուղղուած է նաեւ ազատ խօսքի, մամուլի ազատութեան դէմ։

Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Բագրատ Եսայեանի այս մեթոտներով ձերբակալութիւնը, իշխանութիւններէն կը պահանջէ դադրեցնել անոր նկատմամբ քաղաքական հետապնդումը,  չկատարել իրաւական հարթութիւնէ դուրս որեւէ գործողութիւն՝ մեր գործընկերոջ արտօնելով ազատութեան մէջ շարունակելու մասնակցիլ խնդրոյ առարկայ քրէական գործի քննութեան։

Միեւնոյն ժամանակ, տեղի ունեցածին նկատմամբ կը հրաւիրենք իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, մամուլի հարցերով զբաղող միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը՝ կոչ ընելով գործուն քայլեր ձեռնարկելու Բագրատ Եսայեանի նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումը դադրեցնելու ուղղութեամբ։

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւն
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին