Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Հայկական Թասերու Ուսումնասիրութեան Համար

Սիրելի ընթերցող,

Լծուած եմ բաղնիքի հայկական թասերը ուսումնասիրելու աշխատանքին: Առաջին յօդուած մը լոյս ընծայած ըլլալով Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 2022/1 հատորին մէջ, ներկայիս կը ջանամ նիւթեր հաւաքել բաղնիքի հայկական կաւի թասերու մասին (կից նկարը): Եթէ ունիք, կամ գիտէք թէ ծանօթ մը ունի, կամ տեսած էք նման կաւի թաս մը, պիտի խնդրեմ որ հաղորդակցիք հետս, որպէսզի ունենամ թասին չափագրութիւնները (կշիռք, բարձրութիւն, մետաղի հաստութիւն, տրամագիծերու չափ), մետաղի տեսակ, զարդեր եւ արձանագրութիւն (եթէ կան): Ուշագրաւ պիտի ըլլար գիտնալ նաեւ թասին պատկանելիութիւնը եւ պատմութիւնը՝ թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ դարձած է ան ձեր սեփականութիւնը:

Այս ուսումնասիրութիւնը նպատակ կը հետապնդէ հայ պղնձարուեստի սպիտակ էջերէն մէկը փաստագրել եւ համապատասխան նիւթերով ամրագրել իբրեւ հայկական պղնձարուեստի իւրօրինակ դրսեւորում:

Շնորհակալ պիտի մնամ եթէ հաղորդակցիք հետս: Հեռաձայնիս թիւն է 00916 (3)712058: Իսկ ելեկտրոնային հասցէս է.- adakessian@haigazian.edu.lb , նամակատան հասցէս՝ Antranik Dakessian, Haigazian University, P.O. Box 11-1748, Riad El Solh 1107 2090, Beirut Lebanon:

Յարգանօք՝

Անդրանիկ Տագէսեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին