Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Ուոլթ Ուիթմըն

Ուոլթ Ուիթմըն (31 Մայիս 1819, Ուեսթ Հիլզ, Սաֆոլկ շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ – 26 Մարտ 1892, Քեմդեն, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի գրող, թղթակից եւ ակնարկագիր։ Ուիթմըն Ամերիկայի ամէնէն կարեւոր գրողներէն մէկն է, եւ կոչուած է «Ազատ Բանաստեղծութեան Հայրը»: Սկիզբը իր գրութիւններուն մասին մեծ վիճաբանութիւններ ծագած են, մանաւանդ «Լիվզ աֆ Կրաս» (Leaves Of Grass) բանաստեղծութեան վրայ։

Ծնած է 31 Մայիս, 1819-ին, Հոնթիկթըն, Լոնկ Այլընտ։ Ունի 8 քոյր եւ եղբայր։ 4 տարեկան հասակին, ընտանիքը փոխադրուած է Պրուքլին, եւ նիւթական պատճառներով ապրած է տխուր մանկութիւն մը։ 11 տարեկանին օրինաւոր դպրոց սկսած է յաճախել։ Իբրեւ օգնական աշխատած է գրասենեակի մը մէջ, ուր գրաշարութիւն սորված է։

Աւելի ուշ՝ աշխատած է «Լոնկ Այլընտ Սթար» թերթին մէջ։ Թատրոններ յաճախած է եւ իր գրութիւնները ծածկանունով մը հրատարակած՝ «Նիւ Եորք Միրրըր» թերթին մէջ։

16 տարեկանին Նիւ Եորքի մէջ խմբագիրի պաշտօն վարած է։ Մայիս 1836-ին վերադարձած է Լոնկ Այլընտ իր ընտանիքին մօտ։ Մինչեւ 1838 ուսուցչութեամբ զբաղած է, բայց հրաժարելով վերադարձած է Նիւ Եորք։

Նիւ Եորքի մէջ հիմնած է իր անձնական թերթը, որ կոչուած է «Տը Լոնկ Այլընտըր»: Զբաղած է նաեւ հրատարակութեամբ, տպագրութեամբ, նոյնիսկ՝ տունէ տուն թերթիկներ բաժնելով։ 10 ամիս ետք իր թերթը ծախած է E. O. Crowell-ի եւ մեկնած՝ Ճըմէյքա աշխատելու։ Քանի մը տարի ետք, որոշած է բանաստեղծ դառնալ։ 1850-ին սկսած է գրել «Լիվզ աֆ Կրաս» բանաստեղծութիւնը:

1855-ին ան հրատարակած է «Լիվզ աֆ Կրաս» բանաստեղծութիւնը, բայց իր եղբայրը՝ Ճորճը ըսած է, թէ «Անիկա կարդալը չ’արժեր», Ուիթմըն հրատարակած է 795 օրինակ, բայց իր անունը մէկ անգամ յիշած է բանաստեղծութեան տողի մը մէջ։ Աւելի ուշ՝ գիրքին անունը փոխած է «Սոնկ աֆ Մայսելֆ»ի: Բանաստեղծութիւնը ճանչցուած է տարբեր բանաստեղծներու կողմէ եւ դարձած հանրայայտ։

26 Մարտ, 1892-ին Ուիթմըն կը մահանայ շնչահեղձութեան պատճառով: Անոր մահուան առիթով տեղի կ’ունենան բազմաթիւ հանդիսութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին