Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Խստագոյնս Դատապարտել Ազրպէյճանի Քաղաքականութիւնը. Գարեգին Բ-ն՝ ԵՀԽ Պատուիրակութեան Հետ Հանդիպման Ընթացքին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, 30 Մայիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի հրաւէրով Հայաստան գտնուող ԵՀԽ պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ ԵՀԽ հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարեն Նազարեանի:

Հանդիպման սկիզբը Կարէն Նազարեան Նորին Սրբութեան տեղեկացուցած է, որ պատուիրակութեան ներկայացուցիչները Հայաստան կը գտնուին «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» առաքելութեան ծիրէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը, ողջունելով պատուիրակութեան անդամները, իր գնահատանքը յայտնած է ԵՀԽ-ին՝ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանին ու Արցախին ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Վեհափառ Հայրապետը պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցած է յետպատերազմեան ծանր ու դժուար իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ վստահութիւն յայտնելով, որ հայ ժողովուրդը իր քրիստոնէական հաւատին շնորհիւ պիտի յաղթահարէ իր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները։

Զրոյցի ընթացքին Հայոց Հայրապետը անդրադարձած է Արցախի մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով վերջինիս վերահսկողութեան տակ յայտնուած հայկական մշակութային-կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման փաստերուն՝ այս առնչութեամբ կարեւոր նկատելով միջազգային համապատասխան ատեաններու եւ միջեկեղեցական տարբեր կառոյցներու կողմէ Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան խստագոյն դատապարտումն ու կանխարգելումը։

Հանդիպման ընթացքին Հայոց Հովուապետը պատասխանած է նաեւ հիւրերու հարցերուն, որոնք կ՝առնչուէին արցախահայութեան անվտանգ եւ խաղաղ կեանքի ապահովման, գերիներու վերադարձման խնդիրին, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, հայկական հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան եւ այդ ուղղութեամբ Մայր Աթոռի կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին