Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Խորհրդարանէն Դուրս եւ Ներս Նախապատրաստութիւնները Կ՛ամբողջանան

Այսօր կը գումարուի, Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանին առաջին նիստը, որ պիտի յատկացուի խորհրդարանի նախագահին, փոխ-նախագահին ընտրութիւնները:

Նապիհ Պըրրի, որ ըստ սահմանադրութեան երիցագոյն անդամը պիտի նախագահէ առաջին նիստը, հաւանականութիւն ունի վերընտրուելու լուրջ մրցակից մը չունենալու պարագային:

Երեսփոխանական կարգ մը պլոքներ արդեն կողմնորոշուած են Պըրրին ընտրելու կամ չընտրելու հարցին մէջ:

Լիբանանեան ուժերը բարձրաձայնած է իր կեցուածքը, յայտարարելով, որ սպիտակ թուղթով պիտի մասնակցի խորհրդարանի նախագահ ընտրելու գործընթացին մէջ, մինչ համախոհական փոխ-նախագահի շուրջ համաձայնութեան գործընթացը կը շարունակուի:

Մինչ այդ պատրաստութիւնները կը շարունակուին խորհրդարանէն ներս եւ դուրս, յաջողցնելու առաջին նիստը:

Ապահովական ուժեր խորհրդարանին շրջապատը ապահովական միջոցառումներու ձեռնարկած են արդեն:

Նշենք, որ նիստը պիտի կայանայ առաւօտեան ժամը 11:00-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին