Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Անվերապահօրէն Կը Զօրակցինք Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Յայտարարութեան

Ինչպէս յայտնի է վերջերս կայացաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, նախագահութեամբ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:
 Չորսօրեայ նիստերուն աւարտին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն (յայտարարութիւնը կարդալ ստորեւ):
Հիմնուելով մեր թերթին պատկանած կազմակերպութեան դաւանանքին ու հայրենիքի հանդէպ որդեգրած իր հին ու նոր ռազմավարութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ հայեցակէտերուն վրայ, որոնք լիովին կը համընկնին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նշեալ յայտարարութեան վեր առած կէտերուն հետ, մենք մեր ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Մայր Աթոռէն բխած սոյն պատմական յայտարարութեան: Մայր Աթոռը, կրօնականին կողքին իր ազգային առաքելութեան հաւատարիմ, Հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին երկու հազարամեակի ամբողջ ընթացքին փաստած է, որ ի չգոյէ առողջ պետութեան ինք պահապանն է հայ ժողովուրդին ու պետականութեան:
Թող, որ մօտիկն ու հեռաւորը, նաեւ պատմական թիւրիմացութեան մը արդիւնքով մեր հայրենիքին մէջ իշխանութեան հասած նորելուկ՝ այսպէս կոչուած ղեկավարները  լաւ հասկնան, որ անհիմն ու ազգակործան են այն կոչերը, որոնց միջոցով անոնք եկեղեցին կ՛ուզեն հեռու պահել իր ազգային առաքելութենէն ի զուր փորձելով արժեզրկել մեր ազգային կարեւորագոյն հիմնասիւներէն մին՝ եկեղեցին: 
Երբ խնդիրը կը շրջանցէ սոսկ քաղաքականութիւնը, սպառնալով Հայ ժողովուրդի ու հայրենիքին գոյատեւման, ապա Մայր Աթոռը իր գահակալով ու միաբաններով էր ու կը մնայ յառաջամարտիկը անոնց պաշտպանութեան սուրբ գործին մէջ:

«Խմբ.»

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

– Ազրպէյճանական իշխանութիւնները շարունակում են իրենց դատապարտելի թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովրդի հանդէպ: Եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումից յետոյ Ազրպէյճանը պարբերաբար սադրանքներ է հրահրում Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններին, թիրախաւորում նաեւ խաղաղ բնակչութեանը, շարունակում է պահել ռազմագերիներին, իր վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներում ոչնչացնում եւ իւրացնում հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը,

– Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնների համատեքստում ՀՀ իշխանութիւններին եւ համազգային կառոյցներին հարկ է զգօնութիւն դրսեւորել, որպէսզի Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման առարկայ չդառնայ,

– Խաղաղութիւնը չի կարող հաստատուել ազգային արժանապատուութեան նուաստացման հաշուին, հայրենի պետութեան տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ չդադարող ոտնձգութիւնների, ռազմագերիների առկայութեան, Ազրպէյճանի շարունակական սպառնալիքների եւ հայատեացութեան քարոզչութեան պայմաններում: Խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուի արդարութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքների յարգման սկզբունքների վրայ,

– Անկախ առկայ ճնշումներից եւ արտաքին սպառնալիքներից, առաւել եւս ներհասարակական բեւեռացուածութեան պայմաններում` ՀՀ եւ ԱՀ իշխանութիւնները հարկ է, որ չձեռնարկեն հայոց անկախ պետականութիւնը եւ Արցախի ապագան վտանգող քայլեր, չդրսեւորուի զիջողականութիւն ազգի հիմնարար իրաւունքների եւ պատմական արդարութեան հետապնդման յանձնառութեան մէջ:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, խիստ մտահոգուած ստեղծուած բարդագոյն իրավիճակով, հայրենիքում տեղ գտնող ներքաղաքական զարգացումներով եւ ապաւինելով Բարձրեալ Տիրոջ ողորմութեանը եւ մեր ժողովրդի իմաստութեանը, յորդորում է`

– Առաջնային նկատել ազգային եւ պետական շահը, գործել խղճի մտօք եւ պատասխանատուութեամբ, խնդիրների արժանապատիւ լուծումները փնտռել բացառապէս մեր համընդհանուր կամարտայայտման ու համախոհութեան մէջ,

– Հայրենիքում, թէ սփիւռքում ամենայն ջանք ի գործ դնել զօրացնելու մեր ազգային միաբանութիւնը` վերացնելով պառակտող հատուածականութիւնը, լծուելու հայրենիքի հզօրացմանը, միջազգային հարթակներում եւ ամէնուր հետեւողականօրէն բարձրաձայնելու մեր ժողովրդի իրաւունքների ոտնահարման մասին, հետամուտ լինելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանը եւ հատուցմանը, պայքարելու յանուն մեր ինքնութեան ու հոգեւոր-ազգային արժէքների պահպանութեան,

– Ներքաղաքական գործընթացներում, խաղաղ հաւաքներին, անկախ քաղաքական հայեացքներից կամ պաշտօնական գործառոյթներից, դրսեւորել հանդուրժողականութիւն, օրինապահութիւն, յարգանք միմեանց իրաւունքների նկատմամբ` բացառելով որեւէ տեսակի բռնութիւն, անհամաչափ ուժի կիրառում, սադրանք եւ օրինախախտութիւն: Ատելութեան խօսքը, վիրաւորանքը եւ թշնամանքի հրահրումը երբեք բարիք չեն կարող լինել:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կոչ է անում հաւատաւոր մեր աշխարհասփիւռ ժողովրդին շարունակել աջակից ու սատար լինել Արցախի մեր քոյրերին եւ եղբայրներին եւ պատրաստակամ յանձնառութիւններով նպաստ ու ներդրում բերել Արցախի Հանրապետութեան զօրացմանը, խաղաղ ու ապահով կեանքին:

Աղօթում ենք մեր երկրի խաղաղութեան ու առաջընթացի համար եւ հայցում Բարձրեալն Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը մեր ժողովրդին:

Թող հայրենիքի համար աղօթքը մշտահունչ լինի մեր ազգի զաւակների շուրթերին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին