Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի Յաղթանակով Սկսաւ Լիբանանի Պասքեթպոլի Բ. Դասակարգի  Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի   տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի  ախոյեանութիւնը սկսաւ  ՀԵԸ Անդրանիկ  Սին Էլ Ֆիլի  յաջորդական յաղթանակներով:  Առաջին   հանդիպումին մեր տղաքը ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Անդրանիկ մարզադաշտին մէջ՝ 69-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին   Անիմասիոն Զուքը: Երկրորդ  մրցումին՝ 87-68 արդիւնքով յաղթեցին Միզիարային, այս վերջնոյն  դաշտին  մէջ, Թրիփոլի:

Ուրբաթ,  20  Մայիս 2022-ի երեկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկ  քանի մը կէտի տարբերութեամբ  պարտութիւն մը կրեց Մէյրուպայէն: Մրցումը տեղի ունեցաւ  ՀԲԸՄ-ի  Տեմիրճեան կեդրոնի Անդրանիկ մարզադաշտին մէջ:

Երթի  մրցումներուն աւարտին մեր տղաքը  կը գրաւեն իրենց խմբակին  երկրորդ դիրքը:

 Լիբանանի  Բ.  դասակարգի ախոյեանութեան կը մասնակցին  չորս խմբակներու  բաժնուած   տասնվեց խումբեր:  Իւրաքանչիւր խումբ երթուդարձի դրութեամբ վեց մրցում պիտի կատարէ իր  խմբակին մէջ:  Խմբակներուն  գլխաւոր  երկու դիրքերը  գրաւող խումբերը պիտի անցնին երկրորդ փուլ:

ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ խմբակին մասկը կազմեն  Միզիարան,  Անիմասիոն Զուքը եւ Մէյրուպան:

 Խումբին մարզիչն է Ժորժ Տաղերը, օգնական՝ Ժորժ Խուրին: Վարչական պատասխանատուն՝ Թոնի Ճունթոյեանը:

 Վստահ ենք, որ  ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ պիտի շարունակէ բարձր դիրքերու համար պայքարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին