Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Ազգային Իշխանութիւնը «Հայրական» Պէտք Է Ըլլայ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի եւ Ամերիկայի ու Քանատայի Կեդրոնական Վարչութեան մեկենասութեամբ վերջերս հրատարակուեցաւ Վահան Թէքէեանի Արեւի մէջ լոյս ընծայած խմբագրականներու հատորը:
Ուսանելի շատ բան կայ այդ խմբագրականներուն մէջ, որոնք կը բխին գրիչէն – այս անգամ՝ հայ հրապարակագրութեան իշխան – Վահան Թէքէեանէն: Զարթօնք պարբերաբար հրատարակած էր այդ խմբագրականներէն: 
Այստեղ կը հրատարակենք Արեւի մէջ, 25 Յունուար 1941ին լոյս տեսած, Վահան Թէքէեանի գրիչով այլ խմբագրական մը՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ «ՀԱՅՐԱԿԱՆ» ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ» վերնագրեալ: Խմբագրականը մտածել կու տայ մեր այսօրուան վիճակին մասին՝ աւելի քան 80 տարի առաջ պարզուած վիճակի մը խորապատկերով, որ իր տարատեսակ թարմութիւնը պահած է մինչեւ այսօր:

«Խմբ.»

Մեր ազգային իշխանութիւնը հոս եւ գաղութահայութեան մէջ ամէն տեղ` «հայրական» իշխանութիւն մըն է, կրնայ հայրական իշխանութիւն մը միայն ըլլալ եւ պէտք է որ այդպէս ըլլայ:

Ոչ թէ անոր համար` որ եկեղեցական մը կը գտնուի գլուխը, որուն «հայր սուրբ» կամ «սրբազան հայր» պատուանունը կու տանք, այլ որովհետեւ էապէս հայրական է այդ իշխանութեան սկզբունքը, ի՛նչ օրէնքներով եւ կանոններով ալ պայմանաւորուած ըլլան անոր կիրարկութիւնը:

Մեր իշխանութիւնը հայրական չէ, հետեւելով այդ կցեալ բառերուն հին, պետական իմաստին: Ան հայրական է, առնելով անոնց բուն, ընտանեկան նշանակութիւնը: Իրաւ է թէ ամէն ժողովուրդի մէջ, ամէն կառավարող իշխանութեան ոգին հայրական է եւ կամ ըլլալ կը յաւակնի, բայց պարագան կը տարբերի մեր մէջ` ուր ազգային իշխանութիւնը ենթակայ է ուրիշ աւելի բարձր իշխանութեան մը, եւ ժողովուրդը – նոյնպէս – իր անհատական բազմաթիւ գործերուն եւ հարցերուն համար կախում ունի միմիայն յիշեալ բարձրագոյն` վարչական ըլլայ թէ դատական իշխանութենէն: Այն իրողութիւնը, որ մեր ազգային իշխանութիւնը կարող չէ վեհապետօրէն տնօրինել ճակատագիրը իր վարած հասարակութեան` եթէ մէկ կողմէ կը նեղցնէ իր «հայրական» նկարագիրը – ըսել կ’ուզեմ` մեզի թոյլ չի տար որ իրմէ ակնկալենք գոհացումը մեր բոլոր պէտքերուն – միւս կողմէ զայն կը խորացնէ սակայն, որ է ըսել` իրեն բացարձակ իրաւունք կու տայ եւ իր վրայ բացարձակ պարտք կը դնէ սրտանց ու մօտէն հետեւելու մեր կարգ մը պէտքերուն եւ իր հնարաւորութեան ամբողջ սահմանին մէջ գոհացնելու այդ պէտքերը, քանի որ չկայ անոնց հետեւող եւ զանոնք գոհացնող ուրիշ իշխանութիւն մը: Ահա թէ ինչպէս ան կ’առնէ ընտանիքի հօր մը հանգամանքը, անոր պարտականութիւններովն եւ իրաւունքներովը:

Երկու տեսակ են իր պարտականութիւնները. առաջին` անոնք որ մնայուն եւ ընդհանուր են ամբողջ համայնքին համար, ինչպէս` օրինակ – բայց իբրեւ օրինա՛կ միայն – եկեղեցի եւ վարժարաններ պահել. երկրորդ` անոնք որ պատահական եւ մասնաւոր են համայնքը բաղկացնող այս կամ այն անհատին համար, ինչպէս` օրինակ – եւ դարձեալ իբրեւ օրինա՛կ միայն – անոր գործերը դիւրացնել վկայականներով, զորս տալու իրաւասութիւնը իրեն շնորհուած է բարձրագոյն իշխանութենէն:

Բարձրագոյն իշխանութենէն իրեն շնորհուած այդ իրաւասութիւնը` չմոռնանք – սակայն – որ ան կը գործադրէ – գրեթէ միշտ – ենթակայ անհատին հաւանութեամբը ենթական կրնայ – միակողմանի կերպով – խզել, գրեթէ ամէն ժամանակ, զինքը իր ազգային իշխանութեան միացնող կապը, բա՛ն մը զոր ան չի կրնար ընել հանդէպ պետական իշխանութեան: Պարզ կրօնափոխութեամբ մը ատիկա կարելի է հոս եւ այլուր, գրեթէ ամբողջ գաղութահայութեան մէջ: Մեր «հայրական» իշխանութիւնը` իշխանութիւնն է – ուրեմն – հօր մը, որուն զաւակները չափահաս են եւ կրնան չճանչնալ իր հեղինակութիւնը բայց կ’ուզեն ճանչնալ եւ կը ճանչնան` պայմանաւ որ հոգայ իրենց թէ՛ ընդհանուր եւ թէ՛ մասնաւոր պահանջները: Մինչեւ վերջին վայրկեանը, մինչեւ որ անոնց իւրաքանչիւրը վերջնապէս խզած չէ իր կապը իրեն հետ, ազգային իշխանութիւնը պիտի գուրգուրայ անոնց վրայ` աւելի քան հայր մը՝ իր չափահաս զաւակներուն վրայ, որովհետեւ այդ իշխանութեան անդամները կ’ընտրուին յատկապէս այս նպատակով, չափահասը նման իր հոգածութեան ներքեւ առնելու նպատակով..:

Այս քիչ մը երկար բայց ըստիս անհրաժեշտ նախաբանէն ետք, կ’անցնիմ ըսելու թէ մեր ազգային իշխանութեան, անոր փոխգլուխին եւ անոր կարգ մը անդամներուն մէջ նուազած, քիչ մնաց որ ըսէի կորսուած կ’երեւի այդ իշխանութեան «հայրական» հանգամանքին ըմբռնումը:

Նուազումը կամ կորուստը յայտնի կ’ըլլայ – մանաւանդ – անհատներու հանդէպ իր վերաբերումին մէջ, բազմաթիւ առիթներով:

Անհատը որ կը դիմէ ազգային իշխանութեան իր ո՛րեւէ մէկ խնդրին համար, երբ համեստ երիտասարդ մըն է միայն, կամ բախտազուրկ մը կամ այդ իշխանութենէն դրամ ստացող մը, կը հանդիպի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն միշտ կասկածամտութեան, յաճախ արհամարհանքին կամ ծաղրին եւ երբեմն որոշ, վճռական անբարեացակամութեանն անգամ:

Իշխանութիւնը` որ ազգային ըլլալով պէտք էր իրապէս հայրական ըլլալ, երբեմն ոստիկանական կը դառնայ ու վերջերս – իմ բոլոր լսածներէս դատելով – ստացած է առաւելապէս առեւտրական կամ սեղանաւորական հաստատութեան մը վարչական կազմին բնոյթը:

Մէկդի պիտի թողում բազմաթիւ մասնաւոր, մանրմունր պարագաներ` որոնց նմանութիւնն է որ անոնց իմաստ կու տայ եւ զանոնք վրդովիչ կ’ընծայէ. պիտի առնեմ միայն երկու կարեւոր եւ ընդհանուր բնոյթ կրող խնդիր` որ կը հաստատեն վերի ըսուածը:

Առաջին: Բացառիկ հանգանակութիւնը` որ կատարուեցաւ Արեւի ուղղած կոչին վրայ, անգործներու եւ պատերազմի ուրիշ զոհերուն համար, ազգ. իշխանութեան կողմէ ըմբռնուած չէ այնպէս ինչպէս տուող ժողովուրդը ըմբռնեց ի սկզբան ու այդ կերպով մասնակցեցաւ անոր: Կը լսեմ որ մինչեւ հիմա ոչ իսկ 300 անձի դիմուած է ` առնուազն 3000 բարեկեցիկ հայ համրող Գահիրէի հայ համայնքին մէջ: Կը լսեմ որ այդ հանգանակութեամբ ամիսներ առաջ, արդէն գոյացած 1200 ոսկիի գումարին մօտաւորապէս չորսհարիւրյիսուն ոսկին միայն բաշխուած է մինչեւ հիմա: Եւ կը լսեմ որ քաղաքական ժողովը, փոխանակ հարցնելու հանգանակիչներուն թէ ի՛նչու չեն շարունակեր հանգանակել եւ բաշխիչներուն` թէ ի՛նչու չեն բաշխեր՝ մտածած է – մտածած եւ նոյնիսկ պահ մը որոշած է – դադրեցնել մնացեալ գումարին բաշխումը եւ զայն դրամատուն մը դնել..:

Երկրորդ: Կը լսեմ` որ ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն ստորագրել առաջարկուած պայմանագիրը կը պարունակէր – այս տարի – տրամադրութիւն մը, որուն համաձայն ուսուցիչները կանխաւ յանձնառու պիտի ըլլային որեւէ հատուցում – այսինքն` իրենց թոշակը – չպահանջել, եթէ վարժարանները փակուէին պատերազմի.. կամ նոյնիսկ համաճարակի մը պատճառաւ: Կը լսեմ թէ երկար բանակցութիւններէ ետք, նոր ստորագրուած են այդ պայմանագիրերը, քիչ մը բարեփոխուած բայց միշտ այդպիսի սեղմումով մը:

Արդ, իմ «խոնարհ կարծիքովս» – ինչպէս կ’ըսուի – այս երկու պարագաները կը բաւեն ցոյց տալու` թէ ազգային իշխանութեան ոգին հեռու է «հայրական» ըլլալէ, ըլլայ վերոյիշեալ դժբախտներուն կամ ըլլայ այս ուսուցիչներուն հանդէպ` որոնք ալ եթէ միւսներուն պէս դժբախտ չեն այսօր, իշխանութիւնը կը հասկցնէ թէ կրնան վաղը նոյն դժբախտներուն կարգը անցնիլ` առանց որ ինք մասնաւոր պարտականութիւն մը զգայ իբրեւ իր պաշտօնեաները եւ իբրեւ ուսուցիչներ իրենց օգնելու:

Կրնայ ըլլալ, որ ելեւմտական տեսակէտով եւ կարգ մը նախատեսութիւններով, ազգային իշխանութիւնը արդարանայ թէ՛ այս պայմանը դնել ուզելուն եւ թէ՛ այդ բաշխումը դադրեցնել խորհելուն համար: Ան չ’արդարանար իր էութեան ոգիին տեսակէտով:

Այդ ոգին – կը կրկնեմ – հայրական է` եւ պէտք է միշտ հայրական մնայ: Այդպէսով միայն համայնքը ապրիլ կրնայ: Համայնքը պէտք է ինքզինք իրեններէն հոգացուած զգայ: Եւ երբ համայնքին բարեկեցիկ մասը միշտ կը պատասխանէ իր սրտին ուղղուած կոչերուն, իշխանութեան համար յանցանք է նիւթականը գերադասել ուրիշ ամէն նկատումի: Խնայողութիւնով, յոռեգոյնի «նախատեսութիւններով» եւ ձեռնպահութեան ազդարարութիւններով` ազգային զգացումը երբեք չի ծաղկիր այլ կը չորնայ համայնքին մէջ..:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին