Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Կ՛առաջարկենք Լիբանանի ՀՅԴ-ի Այսօրուայ Պատասխանատուին որ Դիմէ Ազնիւ Մրցակցութեան Միջոցներու

ՀՅԴ-ի ներկայ ղեկավարութեան Ֆանարի հայկական՝ Լէյլաւան թաղամասին մէջ կազմակերպած նախընտրական հաւաքի մը ընթացքին, անոր «առասպելական» ճառախօսը դարձեալ դիմելով իր կուսակցութեան մրցակից ցանկերուն անդամներուն հանդէպ աժան ցեխարձակումի ոճին, այս անգամ առանց անուն տալու փորձեց վարկաբեկել մեր համախմբումին արժանաւոր անդամներէն մէկուն:

Իր խօսքին մէջ, նշեալ ճառախօսը «ամէն ինչի մէջ ձախողած»ի որակաւորումով պիտակաւորեց մեր ընկերը: Մեզի կը մնայ անհամբեր սպասել, որ ակնարկուած մեր նախկին բանակային ընկերոջ՝ լիբանանեան բանակին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ունեցած գործունէութեանց մէջ  ունեցած «ձախողութիւններուն» մասին, Լիբանանի ՀՅԴ-ի այսօրուայ «մեծն» ղեկավարը  «արժէքաւոր եւ հաւաստի» տուեալներով լուսաւորէ մեզի:

Մինչ այդ, մենք պիտի չուզէինք անդրադառնալ նման ցնդաբանութիւններու, եթէ զայն արտասանողը չըլլար նոյնինքն Ֆանարի Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի նախկին տնօրէնը, որ մեծ «յաջողութեամբ» երկրորդական վարժարանը վերածեց միջնակարգի ապա նախակրթարանի, վերջապէս հանդիսանալով անոր փակման պատճառներէն մէկը:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, մեր կողմէ ազնիւ փափկանկատութեամբ մը կ՛առաջարկենք մեծ բանախօսին հրաժարիլ իր հին-նոր էժանագին ոճէն եւ փոխարէնը դիմէ աւելի ազնիւ մրցակցութեան միջոցներու:

Այստեղ անգամ մը եւս երեւի կը հաստատուի այն խօսքը, որ մարդ ուրիշները կը դատէ ինքն իր անձին լաւ ճանաչողութեամբ…:

ԱԶԱՏԱԽՈՀ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին