Շաբաթ, 31. 05. 2025

spot_img

Բամ բաս բայ (21.04.2022)

Հայ քաղաքական կուսակցութիւն մը երէկ կազմակերպած էր նախընտրական հաւաք մը Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու շեմին:

Հաւաքին ընթացքին, տուեալ կուսակցութեան առաջնորդը, որ  նաեւ խորհրդարանի անդամակցութեան թեկնածու է,  խօսք առած է, որուն մէջ տեղ գտած անհանդուրժողականութիւնը հանդէպ այլ Հայ մրցակից թեկնածուներուն, յար ու նման էր նոյն թեմայով, Հայկական կրօնական նուիրապետական աթոռի մը գահակալին, քանի մը օր առաջ արտայայտած միտքերուն: «Չար» լեզուներ կ՛ըսեն թէ, խօսքերը համակարգուած ալ էին:

Խնդիրը սակայն կը կայանայ այն բանին մէջ, որ մինչ քաղաքական կուսակցութեան մը առաջնորդին ընտրապայքարի ճառին մէջ տեղ գտած անհանդուրժողականական եւ մաղձոտ արտայայտութիւնները իր մրցակիցին նկատմամբ, կարելի է կերպով մը արդարացնել ընտրապայքարի յատուկ նորմերուն կապելով, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ կրօնապետի մը իր իսկ հօտին ոչ կուսակցական զաւակներուն հանդէպ անհանդուրժողականութիւն ցուցաբերող միտքերը: Վեհափառին կարծիքով, համայնքի հաստատութիւններէն դուրս գործող հայորդիներ իրաւունք չունին համայնքը ներկայացնելու: Խօսք, որ արտասանուած է խաղաղութեան ու հանդուրժողականութեան իշխան՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին հետ զուգադիպող օրերուն:

Այս երեւոյթը, որքանո՞վ յարիր է, նոյն ինքն՝ եկեղեցիին քարոզած Աւետարանին՝ «Բարի Հովիւ»ի կերպարին կամ «Անառակ որդի»ի առակին: Առաջինին պարագային, Բարի Հովիւը, իր ամբողջ հօտը ետին ձգած, գնաց կորսուած գառնուկը գտնելու, իսկ երկրորդին մէջ, Հայրը՝ իր տունէն հեռացած զաւակը, գրկաբաց տուն  ընդունեց…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին