12 Ապրիլ, 2022

Սիրելի սգակիր բարեկամներ,
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան կազմը խորունկ կսկիծով իմացաւ իր խոհուն բարեկամին՝ թանկագին Ռոմէն Գոզմոյեանի անդարմանելի կորուստը։
Հանգուցեալը հարուստ վաստակի տէր պայծառ դիւանագէտ մըն էր մեր ազգային կեանքին մէջ։ Հայկական դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ ան իր ուրոյն տեղը գրաւած էր եւ հաւատքով ծառայած Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մարզին մէջ, յատկապէս Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի Պէյրութի սովետական դեսպանատան մէջ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ այնուհետեւ։
Լայն ու խորունկ էր ազգային ծառայութեան հայեացքը Գոզմոյեան Ռոմէնին, եւ անմնացորդ կերպով ընդմիշտ մնաց հաւատարիմ բարեկամը Թէքէեան Մշակութային Միութեան։
Թող Բարձրեալը մխիթարէ իր սգակիր հարազատներն ու մտքի ընկերները եւ հանգուցեալը արժանացնէ երկինքի յաւիտենական լոյսերուն։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Ի դիմաց