Սրտի անհուն կսկիծով իմացանք գոյժը, հայ ժողովուրդի անզուգական զաւակներէն՝ Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի անուան հետ սերտօրէն առնչուած, ազգային մեծ գործիչ եւ մտաւորական Ռոմէն Գոզմոյեանի հեռանալը անցաւոր մեր աշխարհէն։
Հանգուցեալ Պրն. Գոզմոյեանը պետական-հասարակական այն գործիչներէն էր, որ մեծապէս կը յատկանշուէր իր մեղմ ու համբերատար բնաւորութեամբ եւ բոլորին անսակարկ օգնելու իր պատրաստակամութեամբ:
Լիբանանի մէջ վարած իր պաշտօնին աւարտէն ետք ալ մեր կապերը միշտ սերտ մնացին այս ազնիւ Մարդուն հետ եւ Հայաստան մեր իւրաքանչիւր այցելութիւնը առիթ մըն էր իր հետ տեսակցելու եւ իմաստալից զրոյց ունենալու Հայրենիքն ու Հայ ժողովուրդը յուզող նիւթերու շուրջ, որոնց մասին ան ունէր հանրագիտարանային տեղեկութիւն եւ դիպուկ նկատողութիւն:
Լոյսերու մէջ հանգչի հոգին եւ յիշատակը մնայ անթառամ՝