Շաբաթ, 25. 03. 2023

Լիբանանի Սնանկացումի Լուրը Հերքուեցաւ

Լրատուական միջոցներու տարածած անհիմն լուր մը բաւական աղմուկ յառաջացուց երէկ լիբանանեան շրջանակներու մօտ:

Արդարեւ փոխ-վարչապետին վերագրուած խօսք մըն էր ան, ուր վերջինս կը յայտարարէ թէ պետութիւնն ու Կեդրոնական դրամատունը սնանկացած են:

Աւելի ուշ փոխվարչապետը յստակացուց, որ տարածուածը իր խօսքի ընդհանուր բովանդակութենէն անջատուած տող մըն է, որ այդպէս ներկայացուելով շփոթ յառաջացուցած է: Ան հերքեց լուրին ճշմարտացիութիւնը:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին