Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Նոր հրատարակութիւններ

Մշակութային Արձագանգ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)

  • Բիղատաս Ալեքսանտրոս, «Ազգ եւ ազգային փոքրամասնութիւններ – Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւն», Աթէնք, 2022 (հայ ժողովուրդի համառօտ պատմութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան նախորդած շրջանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը) (յունարէն):
  • Խոսրով եպս. Անձեւացի, «Մեկնութիւն պատարագի աղօթքներուն», աշխարհաբարի վերածեց Զարեհ արք. Ազնաւորեան, յառաջաբանը՝ Շահան արք. Սարգիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2021, 144 էջ:
  • Հայունի Մեսրոպ (Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան), «Վերափոխեալ արքայամօր ներբողագիրը՝ սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198)», hրատարակութիւն «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենաշարի թիւ 16, Այնճար, 2021 (Ներսէս արք. Լամբրոնացիի կեանքը եւ անոր աստուածաբանական վաստակի ներկայացումն ու գնահատումը): Լոյս տեսած է Սարգիս Ժ. Գզկընեանի մեկենասութեամբ:
  • Շառոյեան Լեւոն, «Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին», Գ. հատոր, տպարան «Ոսկետառ», Հալէպ, 2022, 320 էջ (գրական եւ պատմական քննադատական հրապարակումներ, պատկերազարդ): Լոյս տեսած է «Ոսկետառ» տպարանի հոգածութեամբ:
  • Շառոյեան Լեւոն, «Գրականաշունչ պտոյտ այբուբենի տառերուն հետ», նախաբանը՝ Արմենակ Եղիայեանի, հրատարակիչ՝ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հալէպ, փետրուար 2022, 156 էջ (արեւմտահայերէնի ուղղագրական կանոններ, բառագիտութիւն, կէտադրութիւն):
  • Շարուրեան Ալպերթ (աշխատասիրեց), «Պետրոս Դուրեանը վաւերագրերում եւ ժամանակակիցների յիշողութիւններում», «Արմաւ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021:
  • Պետրոսեան Աշոտ, «Բաշքենդ-Արծուաշէն», Գ. գիրք, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, փետրուար 2022, 532 էջ + 24 էջ գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներու ներդիր (14,5 x 20,2 սմ.): Գիրքը տպագրուած է Հայր Աթանաս վրդ. Մովսիսեանի օրհնութեամբ եւ բազմակողմանի օժանդակութեամբ՝ ուրիշ քանի մը հայորդիներու օժանդակութեամբ (1992-ին գրաւուած-յանձնուած Արծուաշէն գիւղի մշակութային պատմութիւնը՝ բարբառի բառացանկը (գիրքի ծաւալի կէսէն աւելին), բանաւոր եւ նիւթական մշակոյթի տարբեր դրսեւորումները, յուշեր եւ դաշտային աշխատանքներու գրառումներ այս արժէքներուն մասին):
  • «Ռոստոմի անտիպ նամակները», կազմող, ծանօթագրող եւ խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան, «Վէմ մատենաշար» թիւ 4, Երեւան, փետրուար 2022, 732 էջ:
  • Սարգսեան Սուրէն, «Հայաստանն ու Պուշն անձամբ», անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ Newmag-ի, Երեւան, փետրուար 2022, 296 էջ (14,5 x 22,3 սմ.) (ՀՀ-ԱՄՆ յարաբերութիւնները 1988-1992 թուականներուն՝ Ճորճ Պուշ աւագի նախագահութեան տարիներուն՝ ամերիկեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու հիման վրայ):
  • Սվազլեան Վերժինէ, «Ռուսաստանի հայերի բանաւոր աւանդոյթի նշխարներ (Տոնի Ռոսթով եւ Փեաթիկորսք)», խմբագիր՝ Սարգիս Յարութիւնեան, ռուսերէնի թարգմանիչ՝ Գայիանէ Յարութիւնեան, անգլերէնի թարգմանիչ՝ Տիգրան Ծուլիկեան, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան  եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւ, «Էտիթ փրինթ» տպագրատուն, Երեւան, 2020 [2021], 288 էջ (16,5 x 24 սմ.) (պատմական, ազգագրական եւ բանահիւսական նիւթեր, սկզբնաղբիւրներու ցանկ, բանասացներու եւ անոնց հաղորդած նիւթերու փաստագրական աղիւսակ, լուսանկարներ, ծանօթագրութիւններ, հեղինակին կենսագրութիւնը եւ բանասիրական վաստակը) (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն): Հատորը նուիրուած է Նոր Նախիջեւանի (Տոնի Ռոսթով) հիմնադրման (1779) 240-ամեակին եւ տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:
  • Սվազլեան Վերժինէ, «Ամերիկահայոց բանաւոր աւանդոյթը ժամանակի հոլովոյթում», խմբագիր՝ Սարգիս Յարութիւնեան, անգլերէնի թարգմանիչ՝ Տիգրան Ծուլիկեան, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, «Էտիթ փրինթ» տպագրատուն, Երեւան, 2021 [2022], 906 էջ (21 x 29,9 սմ.) (պատմական, ազգագրական եւ բանահիւսական նիւթեր, սկզբնաղբիւրներու ցանկ, բանասացներու եւ անոնց հաղորդած նիւթերու փաստագրական աղիւսակ, բանասացներու լուսանկարները, ծանօթագրութիւններ, Ա. Մ. Ն.ի մէջ հայոց տեղաբաշխման քարտէս, հեղինակին կենսագրութիւնը եւ բանասիրական վաստակը, ամերիկահայոց շրջանին մէջ տարածուած ժողովրդային երգերու կատարումներով խտասալիկ) («Պատմա-բանագիտական ուսումնասիրութիւն»ը՝ հայերէն եւ անգլերէն): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով՝ խումբ մը ամերիկահայոց մեկենասութեամբ:
  • Վարդանեան Վահագն, «Ազգային ինքնութիւն, սփիւռք եւ պատկանելիութեան տարածք – Հայկական հեռանկար», հրատարակութիւն «Կոմիտաս» հիմնարկի, Լոնտոն, 30 սեպտեմբեր 2021, 266 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (անգլերէն):
  • Տէր Մաթոսեան Պետրոս, «Ատանայի սարսափները – Յեղափոխութիւն եւ բռնութիւն 20-րդ դարու սկիզբին», Սթենֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 15 մարտ 2022, 360 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (անգլերէն): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր դուստրերուն՝ Քնար եւ Երազ Տէր Մաթոսեաններուն:
  • Քոչար Վահան, «Յիսուսի անձեռակերտ պատկերը հայոց Աբգար թագաւորի դաստառակին», խմբագիր, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերու կազմող՝ Գէորգ Եազըճեան, հրատարակութեան պատրաստեց Սերկէյ Մանուէլեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2021 [փետրուար 2022], 136 էջ (17,2 x 24 սմ.) (Քրիստոսի ու Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի փոխանակած նամակները, Տիրոջ՝ Աբգարին ղրկած դաստառակին պատմութիւնը, դաստառակին առնչուած զանազան հարցեր, գունաւոր ու սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Հրատարակութեան մեկենասն է Ռուբէն Բաբասեանը: Հատորը նուիրուած է վաստակաշատ մանկավարժ Սամսոն Աթանեսեանի յիշատակին:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին