Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Սիմոն Սիմոնեան

Սիմոն Սիմոնեան( 24 Մարտ 1914, Այնթապ – 11 Մարտ 1986, Պէյրութ ), հայ գրագէտ: «Սփիւռք» շաբաթաթերթի եւ «Սեւան» տպագրատան ու հրատարակչատան (Պէյրութ) հիմնադիրն է։

Ծնած է Այնթապ: Անդրանիկ որդին է սասունցի ծնողներու։

Իր նախակրթութիւնը ստացած է Այնթապ, մինչեւ 1921։ Այդ թուականին ընտանեօք բռնագաղթուած ըլլալով, իր ուսումը շարունակած է Հալէպի Հայկազեան, կիլիկեան գաղթականաց, Լատիններու, Ֆրեր մարիզներու վարժարաններուն մէջ։ 1926-1930 յաճախած է Հալէպի կրթասիրացը։ Այնուհետեւ առաջին ուսանոզը կը հանդիսանայ Անթիլիասի մէջ եւ առաջին շրջանաւարտը՝ 1935-ին դասընկերակցութեամբ Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ այլոց։

1954–ին կ՛ուղարկուի Սովետական Հայաստան, Գէորգ Զ. կաթողիկոսի յուղարկաւորութեան, որպէս անդամ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի պատուիրակութեան։

1955-ին հրաժարելով Կիլիկեան Կաթողիկոսարանի իր բոլոր պաշտօններէն, կը հիմնէ իր սեփական տպարանը եւ «Սեւան» հրատարակչատունը։ Կ՛ամուսնանայ Մարի Աճեմեանի հետ եւ կը բախտաւորուին 5 զաւակներով ու թոռներով։

Պաշտօններ վարած է Հալէպի Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ որպէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ։ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ աւանդած է գրաբար եւ հայ մատենագիտութիւն։ Նաեւ պաշտօնավարած է Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարաններուն մէջ։

Սիմոն Սիմոնեան իր “Սփիւռք” շաբաթաթերթին մէջ, տարիներ շարունակ, խմբագրականներով եւ յօդուածներով անդրադարձած է հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն վերաբերող հարցերուն, Համահայկական կեդրոնական մարմին մը գոյացնելու անհրաժեշտութեան, Արցախի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ առնուած անարդար որոշումներուն եւ բազմաթիւ այլ կարևոր հարցերու։ Անկախ, անկուսակցական Սիմոն Սիմոնեանը Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն “մունետիկ”ը եղաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին