Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Դոկտ․ Երուանդ Զօրեան Այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Armenian Virtual College-ի եւ Synopsis Armenia-ի հիմնադիր, տեղեկագիտութեան ոլորտի մասնագէտ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպման ներկայ էր «Սփիւռքի Տարի»ի ծրագիրներու համակարգող յանձնախումբի անդամ Շահան Գանտահարեան։ Դոկտ․ Երուանդ Զօրեան Սիլիքոն Վալիյի (Silicone Valley) մէջ իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետ կը ղեկավարէ «չիփերու» ձեւաւորման բաժանմունքը։

Դոկտ․ Զօրեան մասնակցած էր «Սփիւռքի Տարի»ի առիթով Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած առցանց առաջին խորհրդակցութեան։

Դոկտ․ Զօրեան ներկայացուց տեղեկագիտական ոլորտի նորարութիւնները, թուային համակարգերու եւ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ համախմբումներ ձեւաւորելու նորագոյն եղանակները՝ ընդգծելով նման ծրագիրներ հայկական աշխարհին մէջ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։

Վեհափառ հայրապետը գնահատեց դոկտ․ Զօրեանին կատարած աշխատանքները եւ բերած նպաստը տեղեկագիտութեան առումով հայկական իրականութեան մէջ եւ խօսեցաւ նոր աշխարահակարգին, առցանց տարածականութեան եւ հայկական աշխարհի տարբեր բնագաւառներու մասնագիտական մարդուժը իրար կապակցելու հրամայականին մասին։ Շեշտելով երիտասարդութեան դերը եւ անոր աշխոյժ ներկայութիւնը թուային եւ համացանցային տարածքներու վրայ, Նորին Ս. Օծութիւնը արծարծեց այս բոլորի նպատակաուղղումը դէպի Սփիւռքի վերակազմակերպում։

Դոկտ․ Երուանդ Զօրեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իբրեւ մասնագէտ նկատի առնուած է «Սփիւռքի Տարի»ի ծրագրաւորման խորհրդակցութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ներդրումը բերելու տեղեկագիտութեան մարզին մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք քննարկումներուն եւ աշխատանոցներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին