Չորեքշաբթի, 17. 04. 2024

spot_img

ԳՈՅԺ

Ոչ եւս է Ազգային Բարերար, ՀԲԸՄ-ի նուիրեալներէն ՝

Գառնիկ Եագուպեան

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի եւ Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախկին անդամ Գառնիկ Եագուպեանի մահը, ծանր է ոչ միայն իր ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն, գործակիցներուն, այլեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան եւ իր հանդէպ խորապէս երախտապարտ մեր ազգին համար: Հայ կեանքէն ներս իր ձգած դրոշմը կարելի է տեսնել Սուրիոյ, Լիբանանի, Գանատայի եւ Հայաստանի տարածքին: 

Շրջանաւարտ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն, մասնագիտութեամբ շինարար ճարտարապետ, զինք կարելի է բնութագրել որպէս կառուցող, բարերար, առաւել՝ որպէս մտասեւեռ եւ յանձնառու անձնաւորութիւն: Բոլոր անոնք, որոնք իր հետ յարաբերելու պատեհութիւնը ունեցած են, խորապէս տպաւորուած են իր զուարթախոհութեամբ, առաջնորդի հմայքով, ինչպէս նաեւ ընտանիքի իր նուիրուածութեամբ:

Ըլլալով շառավիղը յայտնի հայ ընտանիքի մը, որ ճանչցուած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան հանդէպ իր խոր հաւատքով եւ զօրակցութեամբ, Գառնիկ Եագուպեանին եւ իր տիկինոջ Անահիտին, ինչպէս նաեւ իր եղբօր Լեւոնին եւ իրենց ընտանիքներուն համար, Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը հոգեհարազատ եղած է միշտ: 

Կանուխ տարիքէն ըլլալով Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործօն անդամ, Գառնիկ Եագուպեան պաշտօններ վարած է որպէս Մասնաճիւղի Ատենապետ Դամասկոսի մէջ, Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ 1994-2006, ապա Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Անդամ՝ 2006-էն 2017, ան եղած է Միութեան Պատուաւոր Հոգաբարձու-ի տիտղոսին արժանացած ցարդ չորս անդամներէն մին, մինչեւ իր մահը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը նշէ, թէ Գառնիկ Եագուպեան մաս կազմած է խոհուն առաջնորդներու այն յատուկ հոյլին, որոնք հասնելով իրենց արհեստագիտական ոլորտի բարձրագոյն դիրքերուն, յարգանք վայելած են արդիւնաբերական մարզի առաջնորդներու եւ պետական բարձրագոյն շրջանակներու մօտ: Որպէս գնահատանք ազգին եւ հայրենիքին համար կատարած իր արժէքաւոր ծառայութիւններուն, ան արժանացած է բազմաթիւ բարձր գնահատականներու, շքանշաններու եւ շնորհագրերու, կրօնական եւ ազգային առաջնորդներու կողմէ, որոնց շարքին նաեւ Յորդանանեան Աստղ Պատուոյ Բարձր Աստիճան-ին: Գառնիկ Եագուպեանի գերագոյն նուիրումը սակայն ուղղուած է իր հայեցի ինքնութեան եւ եկեղեցիին, որուն համար ան ստացած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Անուան Պատուոյ Աստիճան-ը, Մխիթար Հերացի Շքանշան-ը եւ Կիլիկիոյ Իշխան տիտղոսը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին