Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Յարգանքի Երեկոյ՝ Նուիրուած Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին

Լիբանանահայ Կեանք

10 Մարտ 2022-ին Հայկազեան համալսարանը յարգանքի տուրք մատուցեց իր հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին, որ անցեալ տարի իր մահկանացուն կնքեց՝ «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն պատճառով:

Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին նուիրուած յիշատակի երեկոն տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ուղիղ սփռումը կատարուեցաւ Դիմատետրով:

Այս առիթով, հանգուցեալ տոքթ. Նիկոլեանի գեղանկարներէն մաս մը առցանց ցուցադրուեցաւ՝ վաճառքի նպատակով, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի համալսարանի «Սաներու ֆոնտ»-ին:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու տիկին Միրա Եարտըմեանը, որ ներկայացուց հանգուցեալին յատկանիշները՝ իբրեւ արհեստավարժ բժիշկ, արուեստագէտ եւ մտաւորական:

Այս առիթով, Հայաստանէն դոկտ. Երուանդ Խաչատրեան խօսեցաւ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան արուեստագէտին, բանաստեղծին եւ մտաւորականին մասին՝ ներկայացնելով անձնական կեանքէ դրուագներ եւ յուշեր:

Իր կարգին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ուղղեց իր սրտի խօսքը՝ տոքթ. Նիկոլեանը ներկայացնելով իբրեւ իւրայատուկ անձնաւորութիւն՝ նկարագրային յատուկ գիծերով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին