Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

128 Աթոռներու Համար 1044 Թեկնածուներով Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները 15 Մայիսին

Լիբանանի մէջ իր աւարտին հասաւ երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն գրանցուելու եւ մասնակցելու սահմանադրական ժամկէտը եւ երէկ հրապարակուեցաւ թեկնածուներուն անուանացանկը ըստ ընտրաշրջաններու։

Լիբանանի Ներքին Գործոց նախարար Պասսամ Մաաուլայի հաստատեց, որ յառաջիկայ 15 Mայիսին նախատեսուած ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են 1044 թեկնածուներ, որոնք պիտի մրցին 128 աթոռներու համար։ 

Նախարարը նաեւ նշեց, որ թեկնածուներուն մէջ կան 44 կիներ, հաստատելով, որ այս տարի ընտրութեանց մասնակից կանանց թիւը կը գերադասէ վերջին ընտրութիւններուն մասնակցած կանանց թիւը։

Նշենք, որ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին մէջ Հայ Առաքելական համայնքի համար նախատեսուած 3 աթոռներուն համար թեկնածութիւն դրած են 15 հոգի: Հայ կաթողիկէ համայնքին 1 աթոռին համար՝ 4 թեկնածու: Մեթնի ընտրաշրջանի Հայ Առաքելական համայնքի համար նախատեսուած 1 աթոռին համար՝ 6 թեկնածու: Իսկ Պեքաաի առաջին ընտրաշրջանին մէջ Հայ Առաքելական համայնքի համար նախատեսուած 1 աթոռին համար թեկնածութիւն դրած են 10 թեկնածու:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլի 4ը վերջին ժամկէտն է ընտրական ցանկերու յայտարարութեան: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին