Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց «ճիւնիոր»ներու կազմը շահեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը:
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 11,12 Մարտ 2022-ին, Լիբանանի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ,Մոն Լա Սալի մէջ:
Ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարեցան քսաներեք ակումբներ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ մասնակցեցաւ երեք տարբեր կազմերով՝ Անդրանիկ Պէյրութ, Սին Էլ Ֆիլ եւ Անթիլիաս:
Կիսաւարտականին, Անդրանիկ Պէյրութ՝ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շեպէպ Էլ Ֆուարը: Աւարտականին՝ 3-1 արդիւնքով Ղատիր Ճեպշիթը:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիչն է Մելիք Թաուիլը, վարչական պատասխանատուն՝ Սահակ Պիտինեանը:
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ համայն ՀԵԸ-ականներուն անունով կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի նոր յաջողութիւնը:
