Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Տիգրան Շիրինեան

Տիգրան Շիրինեան (12 Մարտ 1923, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն – 10 Դեկտեմբեր 2003, Հռոմ, Իտալիա), Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած կեսարացի կաթողիկէ Միհրան եւ Եղիսաբեթ Շիրինեաններու ընտանիքը։

1942 թուականին Պոլսոյ պապական նուիրակ Անճելոյ Ռոնալտիի (յետագային՝ Հռոմի պապ Յովհաննէս 18-րդ) միջնորդութեամբ կը տեղափոխուի Միլան` ապաստանելով հօրաքրոջ՝ Քեհեաններու ընտանիքը։

Աւարտած է Միլանի փոլիթեքնիկական հաստատութեան ճարտարագիտական կաճառը, որմէ յետոյ գործուղուած է Հռոմ: Տաղանդի եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ ան կարճ ժամանակի գիտական լուրջ ձեռքբերումներ կ’ունենայ տիեզերական ճարտարագիտութեան եւ իտալական ռազմական օդուժի բնագաւռին մէջ։ Ան կը դառնայ Իտալիոյ զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայ։ Երիտասարդ հասակին կը դառնայ Հռոմի Լա Սապիենցայ համալսարանի տիեզերագիտական ճարտարագիտութեան փրոֆեսոր, միաժամանակ` ռազմաօդային ուժերու վերահսկիչ զօրաւար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին