Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Կեանքը Պէյրութ Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

«Թող Մեր Վարժարանի Իւրաքանչիւր Աշակերտ Գիտակցի Եւ Պատկառանքով Մօտենայ Ձեր Վսեմ Գործին Ու Հասկնայ, Որ Դուք Էք Իր Կեանքի Բարգաւաճման Անմահ Սերմնացանը»

Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան

Ուսուցչաց Տօնի Նշումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ

Հայ ուսուցիչը իր ուսերուն կը կրէ կրկնակի պարտականութիւն՝ հասարակութեան արժանաւոր անդամ ձեւաւորելու առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային արժէքներու պահպանումին եւ մեր ժողովուրդի անպարտելիութեան հաւատքի ներարկումը սերունդէ- սերունդ: Անոր շնորհիւ է, որ կը գոյատեւէ ազգը:

Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2022-ին, մեր վարժարանին Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ուսուցչաց տօն»-ի նշումը: Միջն. Գ. դասարանէն Փաթիլ Պետիկեան իր  բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ այս տօնի նշումը առիթ կ’ընծայէր աշակերտներուն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու  սիրելի ուսուցիչներուն, որոնց  փոխանցած գիտելիքներով եւ ցուցմունքներով ինքնավստահ ու հաստատ քայլերով կ’ուղղուին դէպի բարձր վկայականներ: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով.« Առաւել բախտաւոր ենք, որ կը յաճախենք հայկական կրթօճախ, ուր բարձր մակարդակի ուսման կողքին աշակերտները կը ստանան նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն եւ իրենց մէջ կ’ամրապնդուի ազգային ոգին, դիմագիծն ու ինքնութիւնը: Յատուկ շնորհակալութիւն  նաեւ մեր սիրելի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Տարագճեանին, որ իր աշակերտներուն կողքին է միշտ եւ ճիգ չի խնայեր ի խնդիր անոնց յաջողութեան:»  Նկատի ունենալով, որ այս թուականը կը զուգադիպի Կանանց Միջազգային Օրուան, ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով մեր սիրելի տնօրէնուհին եւ ուսուցչուհիները այս տօնին առիթով:

Բացման խօսքէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացան հետեւեալ խմբերգներով՝ «Ողջունի Երգ» (Մանկամսուր, Բողբոջ եւ Ծաղիկ ), “معلمي” (Կոկոն եւ Ծաղիկ ) եւ “Teacher” (Ծաղիկ): Ապա Միջն. Բ. դասարանէն՝ Սելին Տրդատեան ներկայացաւ հեզաճկուն «Ուզունտարա» մենապարով, որմէ ետք Միջն. Գ. դասարանէն՝ Վալէնթինա Սրապիոնեան  «Առաջին Ուսուցչուհիս» ասմունքով եւ Ալին Գէորգեան «Սիրելի Ուսուցիչ» մեներգով ուսուցիչներուն յուզումը հասցուցին իրենց գագաթնակէտին: Տեղի ունեցաւ նաեւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն նուիրուած ուսուցչակազմին՝ պատրաստուած Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն եւ իրենց դաստիարակին եւ օրուան յայտագիրի պատասխանատու՝ Օրդ. Սիւզան Թազեանի կողմէ: Հուսկ Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացան «Ճերուսալէմա» պարով:  Տեղի ունեցաւ նաեւ  բացիկներու բաշխում:

Վերջապէս բեմահարթակ բարձրացաւ մեր վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Տարագճեանը, փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Ան խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն ըսաւ. «Այսօր ձեզի վստահուած է սերունդներու կրթութեան պատասխանատու գործը: Դուք ոչ միայն ուսում կը ջամբէք, այլ նաեւ լոյսի ու ջերմութեան հունտեր կը ցանէք:» Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ այսօր իսկապէս տօն է մեր բոլորին համար, որովհետեւ դժուար է վերագնահատել ուսուցիչի դերը մատղաշ սերունդի կրթութեան, հայեցի դաստիարակութեան ու ազգապահպանման համար: Ինչպէս նաեւ՝ ազգային ու պետական հեռանկարի տեսանկիւնով դժուար է գտնել աւելի խրթին, միաժամանակ պատուաբեր գործ, քան մատղաշ սերունդ կրթելու եւ հասարակութեան արժանապատիւ անհատ դաստիարակելու առաքելութիւնը ունենալը:  Հուսկ, տնօրէնուհին շնորհաւորեց ուսուցիչներուն տօնը,  մաղթելով որ անոնց անսպառ եռանդը, նուիրումը, համբերութիւնն ու սէրը յարատեւեն,  ինչպէս նաեւ՝ մեր աշակերտները գիտակցին եւ պատկառանքով մօտենան իրենց ուսուցիչներուն վսեմ գործին ու հասկնան, որ ուսուցիչները կը հանդիսանան  իրենց կեանքի բարգաւաճման անմահ սերմնացանները: Ան նաեւ շնորհաւորեց իգական սեռը, Կանանց միջազգային տօնին առթիւ:

Աւարտին, ուսուցչարանէն ներս տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Այս տօնին առիթով կը շնորհաւորենք մեր ուսուցիչները՝ իրենց մաղթելով առողջութիւն, ուժ եւ համբերութիւն, որպէսզի կարողանան  հեշտութեամբ յաղթահարել իրենց դիմաց պարզուող բոլոր մարտահրաւէրները:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
 ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին