Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

ԹՄՄ Արձագանգեց «Սփիւռքի Տարի»ի Հռչակման

Ատենէ մը ի վեր աշխարհի, մանաւանդ Լիբանանի մէջ տիրող առողջապահական, տնտեսական, ապահովական ու քաղաքական անբաղձալի հետեւանքներով, խափանեցաւ ընկերային, կենցաղային, ապրուստային եւ սննդային կեանքին սովորական եւ համընթաց գոյերթը:

Հայկական կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները հեռու չմնացին այս անբաղձալի իրավիճակներէն, եւ ինքզինքն լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ գտան դիմագրաւելու բազմապիսի դժուարութիւններ, որոնց գլխաւոր խոչընդոտը կազմեց ժահրային վարակումներու առկայութիւնը: Ուստի եւ դադրեցան մշակութային ձեռնարկները:

Սակայն ամէն ինչ վերջ մը ունի: Կրթական եւ մշակութային կեանքը հետզհետէ սկսաւ աշխուժանալ, պահպանելով առողջապահական բոլոր ապահովութիւնները: Հայկական մշակութային հաստատութիւնները անյապաղ գործի լծուեցան Լիբանանահայ երիտասարդութեան եւ մատղաշ սերունդին կրթական, մշակութային եւ եկեղեցական կեանքը վերամշակելու եւ պատշաճեցնելու արդի պահանջներուն:

Ուստի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռի գահակալ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ կաթողիկոսը իւրաքանչիւր տարի նշանաբանով մը հաստատած իր աւանդութիւնը, 2022ը հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», ծանրօրէն զգալով համայն հայութեան, նամանաւանդ սփիւռքի մաշման  վտանգը:

Հետեւաբար, սփիւռքը վերաշխուժացնելու եւ փրկման ելքեր գտնելու համար,

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութիւնը Ուրբաթ, 25 Փետրուար 2022-ի, երեկոյեան ժամը 7-ին Թէքէեան Կեդրոնի մէջ կազմակերպեց կլոր սեղան «Մշակոյթի Դերը Սփիւռքի Հայապահպանման Գործին Մէջ»: Անհատապէս իրավիճակի գնահատման իրենց արժեւորումը ներկայացուցին ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու համախմբման ատենապետ եւ ՀԵԸ-ի մշակութային յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Շահէ Պապահէքեան, «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» ատենապետուհի եւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր՝ Տիկ. Անի Սաֆարեան Եփրեմեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժինի պատասխանատու Հայր Աւետիք Տէր Կարապետեան: Յարգելի հիւրերը անդրադարձան սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի գոյատեւման, կոչ ընելով ստեղծել աշխոյժ, գործունեայ եւ իրավիճակին քաջ գիտակցող երիտասարդներէ բաղկացած մարմին մը, որ ալեկոծ ովկիանոսի մէջ կեանքի եւ մահուան շունչ տուող սփիւռքահայութեանը պիտի ներարկէ նոր աւիշ ու նոր գործելաոճ:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում ներկաներուն եւ բանախօսներու միջեւ, ուր մէջտեղ ելան նոր առաջարկներ եւ գործնական մօտեցման նոր գաղափարներ:

ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, ապա հիւր բանախօսներուն նուիրեց Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի ստուարածաւալ աշխատութիւնը « Հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին» խորագրով գիրքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին