Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Քաղաքացիները Կը Շարունակեն Ստորագրել Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջին Տակ

«Ազատագրական շարժում»-ի վերջերս նախաձեռնած՝  է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ստորագրահաւաքը կը շարունակուի։

Երեւանի Կեդրոնի Հիւսիսային պողոտային վրայ կայացող ստորագրահաւաքը, ըստ Շարժման ներկայացուցիչներու, լաւ կ՛ընթանայ, անցորդները առանց վախի եւ կաշկանդուածութեան կը ստորագրէ: Անոնց կարծիքով՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պարագային է, որ միայն Հայաստանը կրնայ այս ծանր եւ ստորնացուցիչ վիճակէն դուրս գալ։

Ըստ պատասխանատուներուն բացայայտած տուեալներուն, ստորագրահաւաքին 4-րդ օրը ստորագրողներուն թիւը արդէն հատած է 5000-ը: Նախաձեռնող Շարժումը նպատակադրած է շուտով անցնիլ նաեւ Հայաստանի այլ մարզեր եւ նաեւ Արցախ, մինչ առցանց ստորագրահաւաքը մեծ թափով ու արդիւնքով կը շարունակուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին