Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Ես Ունէի Այդ Մարդը, ․․․Որ Այլեւս Չկա՜յ

Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)

ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Ֆրանց Քաֆքան կ՛ըսէ․ «Կեանքիդ մէջ պէտք է ըլլայ առնուազն մէկ մարդ, որու մօտ կ՛երթաս երբ ալ չ՛ես գիտեր ուր երթալ»

Ես ունէի այդ մարդը, ․․․որ այլեւս չկա՜յ։

Արդարեւ, բախտաւոր եմ ես, որ իմ այդ մէկ մարդը, Գասպար Տէրտէրեանն էր։

Հակառակ անոր, որ այսուհետեւ պիտի անձնապէս չկարենամ այլեւս երթալ, հետը նստիլ՝ «Համրա»ի քաֆէներէն մէկուն մէջ, սուրճ մը առնելով, զրուցելու մեր հողային պահանջատիրութեան հրատապ հարցին շուրջ, եւ թէ մեր հողային իրաւունքներուն տէր կանգնելու համար, ինչպիսի՞ իրաւա-քաղաքական հնարաւորութիւններ կան, եւ առ այդ,  մանրամասն ու խորքային քննարկումներ կատարել, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտահայութեան ազգային ձգտումներն ու դիրքորոշումները արտայայտող՝ ներկայացուցչական կեդրոնական եւ համապարփակ քաղաքական մարմին մը ստեղծելու նպատակին նուիրուած՝ իմ եւ իմ ընկերներուս գործունէութեանց մասին տեղեկացնել ու խորհուրդներ ստանալ։

Անտարակոյս որ իմ մօրեղբօր՝ Գասպարին, ի մանկուց իմ մէջ բոցավառած ազգային ոգին պիտի ուղեկցի ինծի եւ ոգեւորէ ապագայ բոլոր գործունէութիւններս, մինչեւ մեր ազգային սրբազան նպատակին իրականացումը։

Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադրումին նուիրուած մեր աշխատանքները, որ այսօր արդէն մօտ մէկ ու կէս տարիէ աւելի անցած է անոնց մեկնարկը, հասած են որակաւոր եւ գործնական այնպիսի յաջողութիւններու, որոնցմէ արդէն ետդարձը անհնար է։ Իսկ այս խորհուրդը ուրիշ ոչինչ է քան Գասպար Տէրտէրեանին երեսուն տարիներ շարունակ հետապնդած ՏԱՀՔ-ի ծրագրի շօշափելի իրականացումը։ Եւ այս բոլորը տեղի պիտի չի կրնային ունենալ, եթէ մենք մեր աւագ առաջնորդ՝ Գասպար Տէրտէրեանին հետ, մի քանի տարի շարունակ խորապէս վերատեսութեան ենթարկելով եւ գիտական քննարկումներով չ՛ուսումնասիրէինք անցեալ երեսուն տարիներու բացթողումներու եւ խոչընդոտներու փորձառութիւնը, եւ ապա լուրջ վերլուծութիւններու հետեւանքով միասնաբար չգտնէինք համապատասխան եւ անհրաժեշտ ծրագրային բարեփոխումները։

Գասպար Տէրտէրեանի արժէքներուն եւ իր ազգային ու համամարդկային գաղափարախօսութեան մասին վկայութիւններով հանդէս չ՛եմ ուզեր գալ։ Անոնց մասին շատեր արդէն իրենց անկեղծ եւ հարազատ վկայութիւններով գոհացուցած են այդ բաժինը։ Մեզի ՝ Գասպարի հարազատներուս  համար, շատ մեծ նշանակութիւն ունեցան ձեր բոլորին վկայութիւնները։ Դուք էիք մեր մխիթարանքը, այն աստիճանի որ մենք պարտաւոր կը զգանք մեր հերթին, մեր խորին ցաւակցութիւնը յայտնել նաեւ ձեզ։ Որովհետեւ, դուք փաստեցիք այն իրողութիւնը, որ Գասպարը միայն մեր հարազատը չէր, այլ նաեւ ձեր եւ ողջ մարդկութեան հարազատը։

Իմ համեստ համոզումով, թէ՛ որպէս Գասպար Տէրտէրենի հարազատ քրոջ զաւակը, եւ թէ՛ ալ որպէս ազգային գործիչ, որ Գասպար Տէրտէեան մեծ Հայի իսկական մեծարումը պիտի ըլլայ գործնականօրէն լծուիլ՝ Արեւմտեան Հայաստանի հողային եւ այլ իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ անոնց վերատիրանալու համար՝ իրաւականօրէն անհրաժեշտ՝ տարագիր Արեւմտահայութեան ինքնակազմակերպման սրբազան աշխատանքին։

Երբեք պիտի չմոռնամ,  քորոնաժահրէն առաջ դէպի Պէյրութ կատարած իմ վերջին այցելութիւնը։ Գացած էի մտահոգիչ եւ ծանրակշիռ տեղեկութիւններ կիսուելու Մեթրին հետ։ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու վերաբերեալ պահանջատիրական քաղաքական գործունէութեանց մէջ, ուր առանցքային մասնակցութիւն ունէի, բացայայտած էի հերթական դաւադիր եւ դաւաճանական վտանգաւոր իրողութիւն մը, որուն համար ալ՝ անմիջական, բայց բծախնդրօրէն հաշուարկուած դիրքորոշում մը պէտք էր որդեգրուեր։ Երեք երկար օրեր քննարկեցինք տխուր իրավիճակը։ Մեթրը այդ օրերուն իմ մօրեղբայրը չէր, այլ կարծես ծայրայեղ խիստ հետախոյզ մը, որ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մասին մի քանի տարբեր ձեւերով կը փորձեր իրավիճակի տարողութեան մասին իր ինքնուրոյն գնահատականը մշակել։ Ի հարկ է այդ տխուր իրավիճակէն, ազգային առումով, անվտանգ դուրս գալու մասին ալ կիսած էի իմ պատկերացումներս։ Աւարտին, ան ինձմէ խնդրեց որ չաճապարեմ եւ մի քանի օր սպասեմ իր խորհուրդին։ Մեթրին տեսքն իսկ փոխուած էր այդ երեք օրերու ընթացքին՝ երկար սպիտակ մօրուքով, խառնիխուռն մազերով, աչքերը խամրած, եւ ուսերը կախ էին։ Երկու օր անց ինծի կանչեց ու ես փութացի դէպի հանդիպում ալեկոծուած հոգիով ու անորոշ մտորումներով։ Ինծ համար խնդիրը լուծում չունենալը չէ՛ր» Լուծումը կար։ Բայց այդ լուծումը պէտք էր որ Մեթրի հաւանութիւնը ստանար։

Երբ աչքս ինկաւ իր վրայ, խոր շունչ մը առի։ Մեթրին ուսերը ուղիղ էին, մօրուքը ածիլած, մազերը սափրուած եւ իր թացիկ աչքերէն լոյս կ՛արձակէր, իմ ուղղութեամբ, երբ մօտեցայ իրեն, երկու ափերը վեր բարձրացուց, գլուխս բռնեց ու ճակատիս վրայ ջերմ համբոյր մը դրոշմեց ու ըսաւ․ «Դուն ճիշտ վերլուծէր ես ամէն ինչը։ Իմ եռանդս վերականգնուած է, ես այժմ լուռ պիտի մնամ, Ճանապարհը շատ դժուար պիտի ըլլայ, քեզի եւ ընկերներուն բոլոր քայլերուն յաջողութիւն կը մաղթեմ։

Ճակատիս այդ համբոյրը մօրեղբօր մը գուրգուրանքի արտայայտութիւն մը չ՛էր միայն, այլ մեծ հայ ղեկավարի մը պատգամը, որուն հաւատարիմ պիտի մնամ մինչեւ վերջին շունչ։

Գասպար Տէրտէրեանը անմահ է։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին