Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Շիջեցար Խաղաղ ու Յուշիկ

Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)

«Անց են կենում սէր ու խնդում

Գեղեցկութիւն, գանձ ու գահ

Մահը մերն է, մենք՝ մահինը

Մարդու գործն է միշտ անմահ»

Յ․ Թումանեան

Դժուար, շա՜տ դժուար եղաւ ինծի համար ընդունիլ, որ այլեւս չկաս, որ մեկնած ես առ յաւէտ։ Ինչպէ՞ս տանիլ այս ահաւոր վիշտը, իմ լաւ, իմ բարի, իմ անգին եղբայրս՝ Գասպա՛ր։

Անակնկալ էր մահդ․ չէ՞ որ արհամարհելով ամէն վտանգ, փութացիր հիւանդանոցէն շուտ դուրս գալ՝ երթալ ամբողջացնելու համար կիսատ թողած յօդուածդ, այնպիսի եղերական պահու մը, երբ դուն կ՛ապրէիր օրհասական վերջին ժամերդ։ Գուցէ լաւ էր որ դուն չզգացիր մահուան մատչիլը քեզի։ Շիջեցար խաղաղ ու յուշիկ, շիջեցար մոմի մը նման, որ միայն ու միայն իր բարերար լոյսը սփռած էր շրջապատին․․․։

Մահուանդ անողորմ գուժը խորտակեց էութիւնս․ չէ՞ որ մենք միայն քոյր եւ եղբայր չէինք, այլ նաեւ գաղափարակից ընկերներ։ Մեր երկուքին հոգեկան կապը ամրացուած էր նոյն երազներով, նոյն ազգօգուտ ձգտումներով եւ մանաւանդ անխախտ հաւատքով՝ դէպի հայոց լուսաւոր ապագան կերտելու միտող պայքարներուն արդիւնաւէտութեան։

Խաւարեցաւ Տէրտէրեաններու տան կենսատու Արեւը․․․։

Անագորոյն մահը խլեց քեզ մեզմէ, քեզ ջերմապէս սիրող հարազատներէդ, բարեկամներէդ, գաղափարակից ընկերներէդ, նամանաւանդ քու պաշտելի ազգէդ, ինչպէս նաեւ՝ համայն մարդկութեան անիրաւուած ժողովուրդներուն արդար դատերուն համար մարտնչողներու հերոս հոյլէն, որուն հաւատաւոր մէկ մարտիկն էիր նաեւ դուն, քու ազդու գրիչովդ։

Հայոց եղերական սպանդէն մազապուրծ՝ Տէրտէրեաններու տան գերազանցապէս հայեցի մթնոլորտը՝ մեծ դեր խաղալով՝ մանուկ Գասպարի հոգեւոր-իմացական ոլորտի ձեւաւորման ու զարգացման մէջ՝ որոշ ուղղուածութիւն ապահովեց անոր ապագայ ազգային, նաեւ համամարդկային քաղաքական գործունէութեանց մէջ։

Իր ժողովուրդին օգտակար դառնալու պարտաւորութիւնը ծագեցաւ իր մէջ, նաեւ՝ մօրս միջոցաւ կարծես։ Մայրս սովորութիւն մը ունէր, որ առտնին որեւէ գործով երբ տարուած ըլլար՝ կ՛երգէր ու իր երգած երգերը, ընդհանրապէս ազգային-յեղափոխական երգեր կ՛ըլլային, որոշ երգեր ալ՝ սփիւռքացած հայու հոգիին խորը անդեղուած ցաւի մղկտացող լալկան երգեր։

Մայրս գիտակցաբար, թէ անգիտակցաբար, դաստիարակչական ամենէն արդիական՝ անուղղակի մեթոտով, իր երգերով փոքրիկն Գասպարի մատղաշ հոգւոյն մէջ ձեւաւորած եղաւ ապագայ յանձնառու հայը։

Երգը իր դերը կատարած եղաւ, երբ մանուկ Գասպարին մտքին ու հոգիին մէջ յաւէտ դրոշմուած մնաց հետեւեալ սրտցաւ տողերը, որ կ՛ըսէր․-

․․․«Իսկ թէ քու փողէդ շահ չունի Հայաստան,

Թքե՜լ եմ քու էլ, փողիդ էլ վրան։

Իսկ թէ քու գրչէդ շահ չունի Հայաստան,

Թքե՜լ եմ քու էլ, գրչիդ էլ վրան»․․․

Հետեւաբար ալ, ան սրբազան պարտաւորութիւն համարեց իր գրիչը ծառայեցնել՝ ազգին շահ ու պատիւ բերող գործերուն։

Գասպա՛ր, այդ մեծ սիրտը, բազմանդամ ընտանիքին անսպառ եւ հոգատար սիրոյ աղբիւրն էր, տան կենսատու արեւը․ ատով հանդերձ, մայրս, ի տես զաւակին ազգային գործերով կլանուած վիճակին, կէս բողոքի եւ կէս ալ հպարտանքի շեշտով կ՛ըսէր․- «Այս տղան մեզմէ աւելի ազգին համար բերած եմ կարծես»։

Ինչ խօսք որ իրաւացի էր մայրս։

Գասպա՛ր, Թումանեանական «անտակ, անծեր» հոգեմտաւոր գանձերով հարուստ, ի վերուստ ղրկուած առաքեալ մըն էր կարծես, որ պիտի գար ճիշդ ժամանակին՝ բոլորանուէր ծառայելու իր տարագրեալ ժողովուրդին։ Ան իր ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներուն արձագանգեց՝ քաջալերելով բարին ու արդարը, իսկ իր կրքոտ հրապարակագրութեամբ բուռն կերպով խարազանեց՝ մեր ազգի վարք ու բարքին մէջ բոյն դրած աղէտաբեր արատները, որոնք կ՛անշքացնէին նաեւ մեր ունեցած ազգային արժանիքները, զորս դժբախտաբար սկսած էին այլասերիլ։

Գասպա՛ր, իր խառնուածքով, նկարագրի գիծերով, վարքագծով հանգիտութիւն մը ունէր կարծես, մեր ժողովուրդի պատմութեան լուսապայծառ դէմքերէն ոմանց հետ։

ա․- Գասպա՛ր ազատատենչ էր՝ Հայկ նահապետին նման, որ մերժեց Բէլի պարտադրել ուզած ստրկութիւնը։

բ․- Ազգային արժանապատւութեան տէր հերոս Անդրանիկի նման խրոխտ եւ ինքնիշխան, Գասպա՛ր՝ Շապին Գարահիսարցի հօրմէ սերած, Շապին Գարահիսարցի Անդրանիկի նման, սէգ լեռներու զաւակ, հոգեհարազատութիւն մը կը զգար «հայրենիքի տէր ու պաշտպան» Անդրանիկի նկատմամբ։ Անոր նման անկաշառ հայրենասէր, անոր նման կը մերժէր ենթարկուիլ վերերէն հրահանգուող կուսակցական կամ այլ կողմերէ արձակուող բոլոր այն պատգամներուն, որոնք կրնային խոչընդոտել իրենց ստանձնած ազգանուէր գործունէութիւնը։

գ․- Իր հոգւոյն մէջ արձագանգ տուած էր Խրիմեան Հայրիկի իմաստալից պատգամը, թէ Արեւմտահայութեան հողային դատը չի լուծուիր թղթէ շերեփով, լալկան աղերսագրերով այլ երկաթէ շերեփով, այսինքն ուժի դիրքերէ մեկնարկ առած պահանջով։ Հոս ուժը միայն զէնք չի նշանակէր անպայման, այլ նաեւ ճարտար դիւանագիտութիւն, նամանաւանդ, միջազգային գործող օրէնքներու քաջածանօթութիւն։

Գասպա՛ր, որպէս իրաւագէտ, Արեւմտեան Հայաստանի հողային պահանջատիրութիւնը՝ միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնքներով եւ կերպերով լուծելու ջատագովն էր։ Ան տարիներ շարունակ իր յօդուածներով հայ դատը հետապնդող մարմիններուն իմացուց, թէ միջազգային օրէնքը կ՛ընդառաջէ համազգային ներկայացուցչական օրինաւոր մարմնի մը կողմէն ներկայացուող դիմումներուն միայն։ Ուստի, անյապաղ պէտք էր որ կազմուէր այդ համահայկական ներկայացուցչական ընտրովի մարմինը։ Եւ սակայն, աւելի քան երեսուն տարիներ անդադրուն կերպով կրկնուող այս կոչը, անհասկնալի պատճառներով մնաց որպէս․- «Ձայն բարբառոյ անապատի»։

Ափսոս որ իր սերունդի ժամանակակիցները չհասկցան իր կոչին իրաւ-քաղաքական արժէքն ու իմաստը։ Բայց արդի եւ գիտական մտածողութեամբ օժտուած՝ իրեն յաջորդող այսօրուայ սերունդը արդէն կ՛ընթանայ Գասպարի նախատեսած ուղիով։

Դ․- Գասպա՛ր հանգիտութիւն մը ունէր նաեւ, «Հայաստանի վէրքի երգիչ» լուսապայծառ Աբովեանի հետ։ Թանկ էր ու իր հոգիին շատ մօտ անոր տենչերն ու ձգտումները։ Եւ ամենէն թանկը այդ տենչերուն՝ ազգերու եղբայրութեան տենչն էր, որ յետագային իրականացաւ՝ ազգերը եղբայրացնող խորհրդային մեծ ընտանիքի գոյառութեամբը, որուն մէկ անդամն էր խորհրդային հայաստանը, որը ոչ միայն ապահովեց հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը, այլ նաեւ խաղաղ պայմաններու մէջ ծաղկեցուց ազգային մեր դիմագիծը՝ կերտող արժէքները, որուն համար Գասպար ո՛չ առանց հպարտանքի կը մատնանշէր, թէ մեր տաղանդաւոր ժողովուրդը դարաւոր մշակոյթ ունի։ Ունի գունեղ, խորիմաստ, հարուստ, կախարդիչ ժողովրդական երաժշտութիւն, հանճարեղ ճարտարապետութիւն, միջնադարեան սքանչելի բանահիւսութիւն, ինքնատիպ եւ գերող նկարչութիւն, յաւէտ թարմ, ճկուն լեզու եւ այս ամէնուն նորովի ծաղկումը կը վերագրէր Խորհրդային դարաշրջանին եւ այդ շրջանը կը նկատէր որպէս մեր դարաւոր պատմութեան երկրորդ ոսկեդարը։

Գասպարի հոգւոյն մէջ ալ խիստ կտտացող վէրք դարձած էր Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ի վէրքը։ Իրեն համար, հայ ժողովուրդի նկարագրին մէջ արմատակալած ազգակործան արատներն են այդ վէրքերը, որոնք ոչ միայն մրոտած են մեր պատմութեան էջերը, այլ մեր ազգը դարձուցած են նկուն եւ հետեւաբար անկարող՝ յաջողապէս լուծել կարենալու մեր ազգի հիմնախնդիրները։

Ամենէն վնասակար արատը որ կայ մեր մէջ՝ անմիաբանութիւնն է, բաժան-բաժանուածութիւնը․ Օրինակ՝ ո՞ր ժողովուրդը ունի երկու հայրենիք, երկգլխանի եկեղեցի, երկու աշխարհաբար լեզուներ, երկու տարբեր լեզուամտածողութեամբ՝ եւ երկու տարբեր ուղղագրութիւններ։

Ազգակործան վէրք մըն է նաեւ դաւաճանութիւնը։ ինչպէս օրինակ՝ կղերականի մը եւ Վեստ Սարգիսի ձեռամբ, փոխան փողի եւ անձնական փառքի Բագրատունիներու փառապանծ Անի քաղաքի վաճառումը թշնամիին։

Դաւաճանական այլ արարք մը կը հանդիսանայ նաեւ՝ Հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը իրագործած թշնամիին հետ՝ ազգադաւ եւ ստորնացուցիչ դաշինքներու կնքումը։

Միւս ազգաքանդ արատներէն են, օտարամոլութիւնը, հայ դատը հետապնդելու յաւակնութիւնը ունեցող գործիչներու աններելի ընդարմացումը, օտար շահադէտ ուժերուն միամտաբար հաւատալով անոնց ապաւինելու մանկամտութիւնը, անկշռադատ «հերոսութիւն»ներու հետեւանքով մեր կրած պարտութիւնները յաղթանակներ սեպելու անմիտ ունակութիւնը եւ այլ արատներ, որոնք անդարմանելի վնասներ պատճառած են մեր ազգին, խոչընդոտելով անոր առաջընթացը։

Գասպա՛ր չէր կրնար անտարբեր մնալ ի տես, դէպի ինքնակործանում ընթացող հայութեան երթին։ Ան որպէս յանձնառու մտաւորական՝ բարոյական պարտաւորութիւն սեպեց իր կուռ գրիչով դատապարտել եւ անխնայ խարազանել՝ ազգային անխոհեմ, ապիկար եւ վնասակար ամէն գործ։ Գիտցաւ նաեւ քաջալերել ու գովաբանել բոլոր տեսակի ազնիւ, բարի եւ ազգօգուտ գործեր կատարողները։ Սրտացաւօրէն յորդորեց հայոց անդաստանէն հեռացնել վնասակար մոլախոտերը, որոմները։

Կարելի է անվարան վկայել, թէ ան իր երկրային ողջ կեանքը նուիրաբերեց իր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ այլ իրաւազրկուած ժողովուրդներուն արդար դատին եւ բարօրութեան։ Ան իր ողջախոհ կեանքով բեռ չդարձաւ աշխարհի շալակին, այլ աշխարհը առաւ իր շալակին․․․։ Ապրեցաւ բովանդակալից կեանքով եւ մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ երթալ միանալու համար անմահներու սուրբ փաղանգին։

Վարձքդ կատար, իմ թանկագին եղբայր,

Լուսապայծառ, փառապանծ յիշատակդ՝ անկասկած որ յաւէտ անմար պիտի մնայ սիրելիներուդ սրտաբեկ հոգիներէն ներս։

Վշտաբեկ քոյրդ՝

ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ – ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին