Նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին
Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Սրբոց Վարդանանց Տօնին առիթով Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու եկեղեցական արարողութեան, որպէսզի Սրբոց Վարդանանց ոգիով լիցքաւորուած ու վերանորոգուած՝ ազգովին շարունակենք մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն առաքելութիւնը։