Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Պայծառ Ապագայի Տեսլականով` Օժանդակութիւն Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Հաւատացեալներուն

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը և աջակցութիւնը հայ  ընտանիքներուն օգտակար դառնալ, Լիբանանի տնտեսապէս այս մռայլ օրերուն։

Սակայն պէտք է ընդունիլ որ, Լիբանանի պայծառ եւ արեւշատ բնութիւնը յոյս եւ սէր կը ներշնչէ բոլորիս հոգիներուն մէջ, որպէսզի աւելի հեշտօրէն դիմագրաւենք Լիբանանի այս դժուար օրերը ։

Չորեքշաբթի, 16 փետրուար, 2022 ֊ին, Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ բակին՝ Ռմէյլի շրջան, Խալիլ Պատաուի թաղամասին մէջ, եռուն գործունէութիւն տեղի ունեցաւ, BASSMA բարեսիրական միութեան երեք ներկայացուցիչներու, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի Ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի, Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշխաճեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ,  ինչպէս նաեւ եկեղեցիին օժանդակ մարմնի  միութեան ներկայութեամբ բաժնեցինք հարիւր ընտանիքներու համար տաք ճաշեր և նաեւ հաց ու բանջարեղէն, որոնք տրամադրուած են Լիբանանի BASSMA բարեսիրական միութեան կողմէ։ Ճաշ բաժնելու դրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ամէն Չորեքշաբթի օր Սուրբ Յարութեան եկեղեցիէն ներս։

Սոյն միութիւնը հիմնուած է 2002֊ին բարեսէր անհատներու կողմէ, նպատակ ունենալով օգտակար ըլլալ կարիքաւորներուն սննդեղէն բաժնելով, ապա կարօտեալ ընտանիքներու օգտակար ըլլալ գործ հայթայթելով, պարկեշտ տունի ծրագիրի օգնութեան հասնելով, երեխաներու ուսման օգտակար դառնալով, աւելի մանրամասնութեան համար հետեւիլ www.bassma.org.

Հարիւր ընտանիքներ ստացան տաք ճաշերը, առաւօտեան ժամը 10֊էն սկսեալ, և մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան, շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչ մարմնին և տաք ճաշ հայթայթող միութեան՝ BASSMA-ին։

ԱՆԱՀԻՏ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

16-02-2022
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին