Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

ԳՈՅԺ

Ոչ Եւս Է Տիկին Մարի Քէօշկէրեան

Սրտի խոր կսկիծով իմացանք տիկին Մարի Քէօշկէրեանի շիջումը Երկուշաբթի, 14 Փետրուար 2022֊ին Պէյրութ, Լիբանանի մէջ։

Ողբացեալ տիկին Մարի Քէօշկէրեանը, եղած էր վեց զաւակներու նուիրեալ մայր։ Անհուն սիրով ու հոգատարութեամբ զոհուած էր իր ընտանիքին։ Ինչպէս նաեւ, ջերմօրէն կը կատարէր միութենական ծառայութիւններ եւ աշխատանքներ։

Ան մաս կազմած էր ՀԲԸՄի Տիկնանց Սին էլ Ֆիլ մասնաճիւղի վարչութեան՝ 1980֊1990 տարիներուն։

Սիրով կը կատարէր իրեն տրուած պարտականութիւնները։

Ապրեցաւ միշտ շրջապատուած իր զաւակներով եւ թոռներով։

Աստուած հոգին լուսաւորէ և արժանի ընէ երկինքի արքայութեան։

Խունկ և աղօթք իր յիշատակին։

Անահիտ Տանձիկեան

Ատենապետ ՀԲԸՄի Տիկնանց Սին էլ Ֆիլ մասնաճիւղի

1980-1989
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին