Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Զ. ՄՈՒՔԱՀԱԼ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՋԱԿՑԻԼ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼՈՎ 250 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ

«Զ. Մուքահալ հիմնարկ»ի եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ 2016-էն ի վեր գործող «RAFIQ» կրթական աջակցութեան ծրագիրի հիմնադիր պարոն Ուիսամ Մուքահալ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը Մեսրոպեան վարժարանին հանդէպ եւ յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ վարժարանին՝ ընթացիկ տարեշրջանին համար կրթանպաստ տրամադրելով միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու 250 աշակերտներու։

Պարոն Մուքահալ յայտնեց, որ աջակցութեան շարունակութիւնը կ՛արտայայտէ իր խոր գնահատանքը՝ հանդէպ Մեսրոպեանին եւ անոր կրթական ծառայութիւններուն։

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը իր աշակերտներուն հետ միասին խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ յարգարժան բարերարին, այնքան անհրաժեշտ այս օգնութեան համար:

Տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, որ այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ Մեսրոպեանին հետամուտ մնալու իր կրթական առաքելութեան ներկայ դժուարին ժամանակներուն եւ շարունակելու առաջարկել լաւագոյն ծառայութիւնները կրթութեան մէջ:

Տնօրէութիւն

Հայ կաթողիէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին