Տեղեկատուութիւն
Որպէս շարունակութիւն անցեալ 19 Դեկտեմբեր 2021 թուակիր մեր կատարած կոչ-ին՝ ուղղուած աշխարհատարած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցութեան, գոհունակութեամբ կուզենք տեղեկացնել թէ բացառաբար կառուցողական ոգիով կատարուած կոչը, կուսակցութեան տարբեր շրջանակներուն եւ նաեւ անհատ կուսակցականներու կողմէ դիմաւորուեցաւ մեծագոյն ոգեւորութեամբ եւ խանդավառութեամբ:
- Ինչպէս խոստացած էինք կոչին մէջ, այս տեղեկատուութեան մէջ կու գանք ամփոփ կերպով տեղեկացնել թէ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին շաբթական հերթական ժողովներով, որոնց վերջինը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 22 Յունուար 2022-ին, նախաձեռնող համախմբումը բծախնդրութեամբ կը պատասխանէ աշխարհի չորս ծագերէն իրեն ուղղուած զօրակցական արտայայտութեանց, ինչպէս նաեւ բնականօրէն իրեն կատարուած հարցադրումներուն:
Լաւատեսութիւն կը ներշնչէ տեսնել թէ բազմաթիւ շրջանակներ իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն ոյժերը միացնելով օժանդակելու եւ արագացնելու երկար ժամանակէ ի վեր ակնկալուած Ռ.Ա.Կ.-ի միասնականութեան իրագործման անհրաժեշտ այս աշխատանք ի ն:
Անցեալի տխուր դրուագները արծարծող ընկերներուն կրկնակի կերպով կը յիշեցնենք թէ վերակառուցման այլեւս անկասելի այս աշխատանքին նախապայմանն է կեդրոնանալ միայն ապագային պահանջներուն վրայ, բացառելով որեւէ ակնարկ անցեալին:
Շուտով, գոհունակութեամբ պիտի հրատարակուին տարբեր շրջանակներէ հասած զօրակցական եւ քաջալերական խանդավառ արտայայտութիւնները:
Աւելի վերջ եւ աստիճանաբար, աշխարհատարած մեր ընկերներուն պիտի տեղեկացնենք ծրագրուող առարկայական նախաձեռնութեանց մասին որոնք պիտի առաջնորդեն կուսակցութեան ամբողջ կառոյցին օրինականացման վերահաստատումին: