Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Ֆրիտրիխ Փարոթ

Եոհան Եաքոպ Ֆրիտրիխ Վիլհելմ ֆոն Փարրոթ, (գերմաներէն՝ Johann Jakob Friedrich Wilhelm von Parrot, ծնած 14 Հոկտեմբեր, 1791, Քարլսրուէ (գերմաներէն՝ Karlsruhe), Գերմանիա – 15 Յունուար, 1841, Տորփաթ, Ռուսիոյ Կայսրութիւն, ներկայիս՝ Թարթու, Էսթոնիա): Եոհան մասնագիտացած է բնագիտութեան եւ բժշկութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է առաջին անձը որ բարձրացած է Արարատին գագաթը (1829 թուականին)։

Ֆրիտրիխ ծնած է 14 Հոկտեմբեր, 1791 թուականին,  Գերմանիոյ Քարլսրուէ քաղաքին մէջ։ Ուսանած է Տորփաթի համալսարանի բնագիտական բաժնին մէջ, ու այդ մէկը աւարտած է ոսկի մետալով։ 1811 թուականէն սկսեալ, ուսանող ըլլալով կ’ուղղուի բազմաթիւ ճանապարհորդութիւններու։

Աւարտելով իր աշխատանքը, Ֆրիտրիխ կրկին կը սկսի յաճախել համալսարան, այս անգամ բժշկութեան բաժնինը։ 1814 թուականին կը ստանայ բժշկութեան համալսարանի աստիճանը ու կը ճամբորդէ Գերմանիա բժշկութիւնը ուսումնասիրելու եւ հետազօտելու նպատակով։ 1815 թուականէն սկսեալ աշխատած է ռուսական բանակին մէջ որպէս բժիշկ: Իսկ երբ զորքերը Ֆրանսայէն վերադարձան, Ֆրիտրիխ կրկին շարունակեց զբաղուիլ գիտական աշխատանքներով տարբեր քաղաքներու մէջ, օրինակ՝ Պերլինի, Փարիզի, Վիեննայի եւ Միլանի մէջ:

1829-ին եւս չորս ուսանողներուն հետ, որոնցմէ մին Խաչատուր Աբովեանն էր, Ֆրիտրիխ Փարոթը բարձրացաւ Արարատ լեռը, Սեպտեմբեր 27-ին անոնք հասան Մեծ Մասիս գագաթը, որտեղ կատարեցին մի շարք օդերեւութաբանական եւ մագնիսաբանական դիտարկումներ:

  • Ֆրիտրիխ Փարոթը նկարագրած է որոշ բուսաբանական թաքսոններ: Անոր անունով կը կոչուի համամելազգիներուն ընտանիքի (լատ.՝ hamamelidaceae

մալակասի՝ hamamelidaceae) Փարոթիա ցեղին բոյսերը (լատ.՝ Parrotia մալակասի՝ Parrotia)ՙՙ որոնց պատկանող պարսկական երկաթածառի լատիներէն անունն է ՝ Parotia persica:

  • 1935-ն Միջազգային աստղագիտական ընկերութիւնը Լուսինի տեսանելի մասի խառնարաններէն մեկուն կը շնորհէ Փարրոթին անունը:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին