Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի 18էն վար Պասքեթպոլի Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութեան Տղոց եւ Աղջկանց Ա. Փուլի Պատուաբեր Յաղթանակները

Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ին «Քահրապա»-ի մարզադաշտին վրայ աւարտեցաւ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի կազմակերպած 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց տարիքային ախոյանութեան Ա. Փուլի մրցաշարքը: Յիշեցնենք, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս կը մասնակցի տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն, իսկ ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ՝ աղջկանց:

Սոյն մրցաշարքերուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկի 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց խումբերը աւարտեցին Ա. Փուլի մրցումները առանց պարտութեան, արժանացան պատուաբեր արդիւնքներու եւ գլխաւորեցին իրենց խմբակներու աղիւսակին Ա. դիրքը:

Այս առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք զոյգ խումբերուն մարզիչները. տղոց կազմի մարզիչ՝ Էլիաս Մուաուատը, վարչական պատասխանատու՝ տոքթ. Ռաֆֆի Չուլճեանը եւ խմբապետ՝ Արման Չերչեանը, ինչպէս նաեւ աղջկանց կազմի մարզիչ՝  Ճիլպեր Սալիպան, վարչական պատասխանատու՝ Նայիրի Սուէյտի – Հայրապետեանը եւ խմբապետուհի՝ Էրիքա Խուրին:

Կը մաղթենք զոյգ խումբերուն նորանոր նուաճումներ ապագայ փուլերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին