Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ֊ՀԵԸ֊ի Անդրանիկ Պասքեթպոլի Խումբը Պարտութեան Մատնեց Աղիւսակը Գլխաւորող Տինամօ Խումբը

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի կազմակերպած տղոց Ա. դասակարգի մրցաշարքերուն` տասներորդ խաղին ընթացքին, ՀԵԸ Անդրանիկ Պասքեթպոլի խումբը` Երկուշաբթի 10 Յունուար 2022֊ի երեկոյեան, Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին վրայ անակնկալօրէն եւ բոցաշունչ յաղթանակով պարտութեան մատնեց` 9 խաղ յաղթանակ տարած եւ խմբակին Ա. դիրքը գրաւող Տինամօ խումբին` 90֊80, (կիսաւարտ 51֊29) արդիւնքով, ներկայիս գրաւելով խմբակին 2֊րդ պատուաբեր դիրքը։

Սոյն մրցաշարքի երթի 10 մրցումները աւարտած են, մեր հաշուին ունենալով 7 յաղթութիւն եւ 3 պարտութիւն։

Այս առիթով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք խումբին մարզիչ Ժորժ Տաղերը, ինչպէս նաեւ Պասքեթպոլի վարչութեան ատենապետ Տէյվիտ Ճնթոյեանը եւ խումբին պատասխանատու Թոնի Ճնթոյեանը իրենց անխոնջ եւ տքնաջան աշխատանքին, որոնք ջանք եւ ճիգ չխնայեցին խումբին հեզասահ յաջողութեան համար։

Անխափան վերելք, յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք ՀԵԸ֊ի Անդրանիկ տղոց խումբին։

ՀԵԸ֊ի Մամլոյ Գրասենեակ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին